Դարձեա՛լ Թէքէեան, այո՛, որովհետեւ իր խմբագրականները հայ պատմութեան բանական դպրոց են: Այս խմբագրականը լոյս տեսած է Արեւի մէջ, 6 Սեպտեմբեր 1915ին, Եղեռնի անդոհանքի օրերուն:
Այստեղ Թէքէեան լուսարձակի տակ կ’առնէ ատենի հայ մտաւորականութեան, ազդեցիկ, առաջնորդ, որոշմնառու մարմիններու երկընտրանք մը. նիւթապէս թիկունք կանգնիլ տասանորդուած հայութեան անապատի խլեակներու՞ն, թէ՞ կամաւորական գունդերուն:
Թէքէեան խնդրին միքանի երեսակներ կը բացայայտէ, կը դնէ սկզբունքի հարցեր: Խմբագրականին ընթերցումը մեզ ուրիշ մտորումներու ալ կը տանի, սակայն մենք կը փափաքինք «Զարթօնք»ի ընթերցողին եւ հայութեամբ նախանձախնդիր հայուն ուշադրութիւնը հրաւիրել Թէքէեանի նախընտրութեան: Մեծ մտածողը նախապատուութիւն չի՛ դներ երկու անհրաժեշտութիւններուն միջեւ: Ուրիշ լուծում կ’առաջարկէ եւ ո՛չ իբրեւ միջին օղակ, այլ մեկնելով կացութեան տագնապալիութենէն. Թէքէեան կը թելադրէ. «Աշխատինք, շա՛տ աշխատինք, լա՛ւ աշխատինք ասոր համար»։
Թէքէեանի թելադրանքին այժմէականութիւնը որեւէ երկընտրանք չի ճանչնար:
Անդրանիկ Տագէսեան
Բարեկամ մը, անցեալ օր, հայկական ներկայ անանուանելի կացութեան վրայ պզտիկ վիճաբանութեան մը ընթացքին, ըսաւ.
– Հարկա՛ւ, կը կարծէիք հապա որ առանց զոհի՞, առանց ջարդի՞ պիտի ստանայինք ազատութիւնը…։
Բարեմտօրէն, ազնուօրէն, բայց եւ «յեղափոխականօրէն» ըսուած այս խօսքերը սարսուռ տուին մեզի։ Չպատասխանեցինք, որովհետեւ խնդիրը որ այդպէս մէջտեղ կը նետուէր յանկարծակի, ամէնէն ծանրն ու արիւնոտն է խնդիրներուն, բովանդակ ազգի մը մահուան ծանրութեամբը լեցուն եւ անոր արեան ծովին վրայ ծփացող խնդիր մը։
Մտածեցինք, սակայն, ինչպէս այդ խօսքէն առաջ, անկէ վերջն ալ, այդ ահաւոր խնդրին վրայ՝ թէ ազգը պէ՞տք էր նոր զոհեր տար, նոր ջարդեր կրէ՜ր՝ ստանալու համար այն ազատութիւնը որուն սէրը միշտ կը սնուցանէր եւ որուն իրականացման ժամը մօտեցած կարծեց ներկայ մեծ պատերազմին սկիզբը եւ մասնաւորապէս այդ պատերազմին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութենէն ետքը…։
Կը խոստովանինք – խոնարհաբար – թէ վերջնական, վճռական եզրակացութիւններու չյանգեցանք բուն այդ մեծ խնդրին մասին, խնդիրներու խնդիրը՝ որ աւելի շատ պիտի զբաղեցնէ հաւանօրէն վաղը, մնացորդ բեկորները հայութեան՝ քան ինչ որ այսօր մեզ կը զբաղեցնէ. որ այսօր ալ, վաղն ալ, ո՛րեւէ գործնական օգտակարութիւն չի ներկայացներ այլեւս՝ որովհետեւ շատ ուշ է եւ պէտք էր երէկ մտածած ըլլայինք անոր մասին. որ – սակայն – իր անօգուտութեանը եւ իր պատճառած յաւելուածական տառապանքին հետ միասին՝ հարկադրաբար կը ցցուի կը մխուի մեր միտքերուն եւ մեր խիղճերուն մէջ… եթէ այդ միտքերը ուրիշ աւելի հաճելի առարկաներով գրաւուած եւ այդ խիղճերը այս կամ այն կերպով փակուած, զրահապատուած չեն…։
Խիղճերու զրահապատումին կը ծառայեն, բացի միւս ծանօթ նիւթերէն – եսասիրութիւն, ագահութիւն, անզգայութիւն, անտարբերութիւն, եւն․ – նաեւ… Սկզբունքները։
Այո՛, Սկզբունքները, որոնք կեանքի առաջնորդներ, իմաստութեան խտացումներ, բեղմնաւոր հունտեր են իրենցմէ օգտուիլ գիտցողներուն ձեռքին մէջ, կ’ըլլան քարէ կափարիչներ խիղճերուն վրայ այն կէս-գիտուններուն, այն տարուողներուն ու տանողներուն՝ որոնք շնորհիւ իրենց խանդին եւ իրենց գտնուած միջավայրին մէջ աւելի խելահաս մարդերու սովին՝ պատասխանատու գործեր կը կատարեն, երբեմն այնքա՜ն պատասխանատու որ հետեւանքը կ’անդրադառնայ ամբողջ ազգի մը ճակատագրին վրայ…։ Սկզբունքն է որ զիրենք վարած է մինչեւ այն ատեն, եւ Սկզբունքը կը վարէ զիրենք նորէն՝ իր ամէնէն շռնդալից եւ արիւնողող ձախողութենէն վերջն ալ, երբ ուրիշ ամէն մտածում, ամէն զգացում խեղդելով թաղելով իր ներքեւ՝ սոսկալի տիրականութեամբ մը կ’ըսէ կարծես.
– Ի՜նչ փոյթ թէ անհետանայ նոյն իսկ Ազգը որուն փրկութեան համար ես ստեղծուած կամ ընտրուած էի. բաւ է որ ես՝ Սկզբունք՝ կենդանի մնամ…։
Անո՛նք՝ որոնց քով Սկզբունքները այսպէս ամուր են – ամրութիւն մը զոր իրենց տիրոջ մտքէն ու սրտէն չէ որ կ’առնեն, այլ շատ անգամ անոնց մտքին ու սրտին անգործութենէն՝ Սկզբունքներն ըլլալով արդէն միշտ կարծր ու գործածողն ինք պարտական ըլլալով զանոնք կակղել եւ օգտակար դարձնել… – անո՛նք միայն, այս արիւն-արցունքի օրերուն մէջ ալ ուր ամբողջ Հայրենիքը բերանաբաց մեծ վէրք մըն է եղեր, պաղարեամբ կրնան խօսիլ Սկզբունքին վրայ եւ ըսել – օրինակի համար – թէ հայութիւնը չի մեռնիր՝ կը բաւէ որ կռիւը շարունակէ, թէ այդ կռիւէն պիտի ծնին լաւագոյն օրեր, պիտի ծնի Ազատութիւնն իր Արշալոյսովը, Արեւովը, Բոցերովը եւ դեռ ուրիշ շատ մը մաշած-փտած թատերական զարդեղէններովը՝ որոնց ամէնուն մէկ կից մը տալու եւ դժոխք ղրկելու չես գիտեր ի՜նչ անզուսպ փափաք մը կը զգաս դուն հիմա…։
Բայց, եկէ՛ք խօսինք վայրկեան մը – եթէ կարելի է – պայմանաւ որ խօսքերնիս մարդու հետ ըլլայ եւ ոչ թէ Սկզբունքին հետ՝ զոր մենք ալ անշուշտ կը ճանչնանք քիչ մը…։
Կռի՛ւը, այո՛, կը շարունակուի եւ պէտք է շարունակուի, ոչ թէ որովհետեւ «սկսած է անգամ մը», այլ որովհետեւ դադրեցնելը քու ձեռքդ չէ, դադրեցնելէն ո՛րեւէ օգուտ չկայ այսօր, ոչի՛նչ կայ որ կրնաս փրկել, ո՛չ մէկ պայման՝ զոր կրնաս ընդունիլ տալ թշնամիիդ.. եւ դեռ շատ մը ուրիշ պատճառներ զորս ամէն մարդ կրնայ ինքնին գտնել ու աւելցնել։
Կռիւը, այո՛, չի դադրիր. բայց այն պահուն իսկ ուր այդ կռիւին ուղղակի զոհերն եղող – ասիկա ճշմարտութիւն մըն է զոր ծածկելէն օգուտ չկայ բնաւ – հարիւր հազարաւորներու մահէն ետք՝ հարիւր հազարաւոր կէս-մեռելներ ալ օգնութեան կը սպասեն չմեռնելու համար, ա՛յն պահուն ուր մօտիկ եւ հեռաւոր ապագայի ազատ կամ գերի հայութեան վերապրումին միակ յոյսն անոնք են՝ մենք չենք…, այդ վայրկեանին ըսել թէ կռի՛ւը միայն կայ մեր մեծագոյն օգնութեանն արժանի, թէ մնացեալը «բարեգործութիւն» է զոր կրնան աղաներն ալ ընել, թէ մենք ամէն բանէ առաջ յեղափոխականներ ենք… եւ ուրիշ այս կարգի սկզբունքային անսրտութիւններ՝ սա՛ միայն կը յայտնեն դժբախտաբար, թէ մենք մարդիկ ենք որոնք Սկզբունքը կափարիչ ըրած ու գոցած են իրենց խղճին ալ, իրենց մտքին ալ վրայ…։
Իրենց մտքին ալ վրայ՝ որովհետեւ որի՞ համար է այն ազատութիւնը զոր իվերջոյ պիտի շահինք եղեր վաղը՝ կռուելով դեռ. որի՞ համար համար մանաւանդ կրնայինք պահանջել զայն ու որի՞ համար է որ պիտի տային զայն մեզի…: Ճշմարիտ է, խորապէս ճշմարիտ, թէ միակ յոյսը՝ անոնք, այսօր 150-200,000 փախստականներն են Կովկասի, որոնք երանի՜ թէ վաղը 300-400,000 ըլլային, որովհետեւ որքա՛ն աւելի՝ այնքա՛ն փրկուելու եւ մեզ ալ իրենց հետ փրկելու յոյսը կը ներկայացնեն անոնք: Թուրքիան սպանդանոց մըն է դարձեր հայուն համար, չէ՞ք տեսներ։ Չափազանցութիւ՞ն կայ լուրերուն մէջ. իցի՜ւ թէ. բայց ինչքա՜ն ցաւալի է որ այդ բառը մեր կողմէն կ’արտասանուի հիմա, սակարկութեան մը ձեւով՝ ուր նիւթի մը վրայ զեղջ կ’ըլլայ, կարծես ուրիշ մը բարձրացնելու համար՝ առանց խորհելու թէ երկուքն ալ մե՛րն են ու այն երէ՜կ էր որ մէկը միւսէն առաջ պէտք էր անցընել անպատճառ…։
Սթափեցէ՛ք, սթափի՛նք ամէնքս։ Զօրաւոր կամ տկար ջիղի խնդիր չէ ասիկա, այլ մահու եւ կենաց խնդիր զոր Ազգը երբեք այսքան ահարկու ու ծանր երեւոյթով մը տեսած չէր իր դիմաց, եւ խնդիրն ալ իր ծանրութեանը համեմատ Ազգը այսքան խե՜ղճ տեսած չէր։ Յեղափոխութեան ու բարեգործութեան, յեղափոխականի ու աղայի խտիր կրնա՞յ մնալ տակաւին՝ երբ ամէն բան կորսուելու, ընկղմելու վրայ է։ Ու բարեգործութիւնն ալ արդէն կռիւ չէ՞ հիմա, թշնամւոյն ազատօրէն, լայնօրէն, վճռօրէն գործադրած բնաջնջումի ծրագրին դէմ՝ ապրելու, տեւելու եւ ազատելու կռիւը, Մահուան դէմ Յո՛յսի կռիւը…։
Ետ չդառնանք Երէկին նայելու., համաձայն ենք, որովհետեւ Այսօրուան համար՝ ա՛լ բնաւ օգուտ չունի ան․ բայց Այսօրուան ու Վաղուան վրայ մեր ամբողջ աչքերովն ու սիրտովը նայինք։ Բարեգործութեան եւ Կռիւին աղբիւրը մէ՛կ թող ըլլայ նիւթապէս, ինչպէս մէ՛կ է մեր սրտերուն մէջ բարոյապէս. միայն ջանա՛նք՝ որ առատ ըլլայ ան՝ որպէսզի երկու պէտքերն ալ կարենան սնանիլ անկէ։ Աշխատինք, շա՛տ աշխատինք, լա՛ւ աշխատինք ասոր համար։ Միմիայն այս կերպո՛վ է՝ որ կրնանք մեր խիղճերը քիչ մը խաղաղել թերեւս…։
Եւ մի՛ ըսէք, Աստուծոյ սիրոյն, սա՛ քստմնելի խօսքը․ «Դեռ շատ սեւ օրեր ունինք տեսնալիք, դեռ շատ կորուստներ ունինք ողբալիք։ Կեանքերու հարկն է որ պիտի հատուցանենք պատերազմի դաժան Մողոքին, արիւնի տուրքն է որ պիտի մատուցանենք Ազատութեան Աստուծոյն» (խմբագրական Յուսաբերի, թիւ 59, Սեպտ․ 2)։
Հա՞յ էք դուք՝ թէ՞ ոչ խենթեցած Սկզբունք մը։
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը