• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Մի Քանի Ընտանիք Ու….Պէս

10.04.2017   07:37

                                                                                     *ՏԻՐԱՆ Գ.ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ*

Շատ հետաքրքրական է մեր սիրելի դրախտավայր Լիբանանը:Կը զարմացնէ եթէ խորանաս եւ պրպտես թաքուն ու ծածկուած կարգ մը թղթածրարներ, էջեր կրնաս գրել, մեծկակ հատորներ կրնաս պատրաստել անոնցմէ:

Լիբանանը սկզբանէ կազմուած է ընտանիքներէ ու ընտանեկան հասկացողութեամբ, ամէն մէկ ընտանիք ունեցեր է իր տարածաշրջանը: Կեդրոնատեղ, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն, կալուածներ, գործարար, ցանցեր եւ այլ բաներ: Օրինակները շատ են, յիշեմ մի քանին: Ժոմպլաթ  ընտանիքը ,Ժըմայէլ ընտանիքը, Խազէն ընտանիքը, Ֆրանժիէ եւ այլն, եւ այլն:

Եւ այդպէս էր ու այդպէս ալ կը շարունակուի մինչեւ օրս, անշուշտ տարբեր դիմակներով ծածկուած, ըսենք.նախագահութեամբ, երեսփոխանակութեամբ, կուսակցական, ընկերվարական, յեղափոխական, դիմադրողական: Եւ անշուշտ բոլորն ալ «ազգային ու ժողովուրդին շահերը վեհ…պահելու յոխորտանքով:

Լիբանան երկիրը հիմնուեցաւ ու կառավարուեցաւ այս եւ այդ ընտանիքներու նախնիներով ու շարունակուեցաւ իրենց զաւակներով, թոռներով ու ծոռներով եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի  կ’երեւի, որովհետեւ եթէ ընտանիքին հիմնադիրը կամ մեծաւորը ըսենք՝ նախագահ, երեսփոխան, նախարար կամ կուսակցապետ ըլլայ, իր զաւակները, թոռները եւ ծոռերուն ծոռները՝  ըլլան անոնք անխելք եւ անպէտք, անպայման պիտի ժառանգեն  այդ տիտղոսը եւ անկէ եկած նիւթական ու բարոյական փառքերը:

Եւ անշուշտ այս բոլորը երկրին հաշւոյն, երկրին հարստութիւը իւրացնելով եւ հոգ չէ թէ երկրին հսկայական վնասներ ու նիւթական անկումներ պատճառեն:Կարեւորը իրենք, իրենց գերդաստանը եւ հետեւորդները ապրեցան, կ’ապրին ու պիտի ապրին ամենալաւ պայմաններով ու աներեւակայելի իշխանական փառքերով:

Միտքս անուներ կան, բայց պիտի չյիշեմ զանոնք, որպէսզի ընդհանրական ըլլայ: Բոլորն ալ նոյն են, բոլորն ալ նոյն խումբէն կը խաղան…նոյն ձեւով կը շահագործեն պետութիւնը ու անոր հարստութիւնը:

Օրինակ, այդ ընտանիքներէն մէկուն ստացած ու  յատկացուած գումարները պիտի յիշենք եւ դուք գումարեցէք:

Ուրեմն, այս ընտանիքին մեծ հայրը նախարար եղած է ու անոր համար տարեկան կը ստանայ մօտաւորապէս 155 միլիոն լիբ. ոսկի: Նաեւ եղած է երեսփոխան, անոր համար ալ տարեկան կը ստանայ մօտաւորապէս 140 միլիոն լիբ. ոսկի:

ա. Տղան որպէս նախագահ, տարեկան կը ստանայ մօտաւորապէս  225 միլիոն լիբ. ոսկի:

բ. Տղան նաեւ նախագահ եղած է եւ տարեկան մօտաւորապէս 225 միլիոն լիբ. ոսկի կը ստանայ: Նախարար ալ եղած է անոր համար ալ 155 միլիոն լիբ. ոսկի  տարեկան: Երեսփոխան ալ եղած է …..անոր համար ալ՝ տարեկան մօտաւորապէս 140 միլիոն լիբ. ոսկի:

ա. Տղուն կինը երեսփոխան եղած է…մօտաւորապէս կը ստանայ 140 միլիոն լիբ. ոսկի տարեկան…: Իր տղան որ մեծ հօր թոռնիկն է, երեսփոխան եղաւ ու ինքն ալ տարեկան մօտաւորապէս 140 միլիոն լիբ. ոսկի կը ստանայ :

բ. Տղուն  տղան, որ նորէն թոռնիկն է մեծ հօր… նախարար եղած է մօտաւորապէս տարեկան կը ստանայ 155 միլիոն լիբ. ոսկի. երեսփոխան ալ եղած է, անոր համար ալ տարեկան 140 միլիոն լիբ. ոսկի կը ստանայ…

բ. Տղուն երկրորդ տղան ալ երեսփոխան եղաւ ու անոր համար տարեկան մօտաւորապէս 140 միլիոն լիբ. ոսկի կը ստանայ:

Պետութիւնը,  տարեկան մօտաւորապէս 100 միլիոն լիբ. ոսկի կը յատկացնէ ամէն մէկ երեսփոխանի, «որպէսզի օգտակար ըլլան իրենց պատկանած շրջաններուն »:

Այս ընտանիքի պարագային, վեց երեսփոխաններ կան, այսինքն 100 x 6 = 600.000.000 …

Վեց հարիւր միլիոն լիբ. ոսկի.

Առանց նշելու գաղտնի գործարարութիւնները, դուք հաշուեցէք մօտաւորապէս տարեկան մուտքը այս ընտանիքին…

Ու խեղճ ուսուցիչներուն, պաշտօնեաներուն տարեկան բոլորը միասին հաշուած 1,200,000,000 միլիոն լիբ. Ոսկիի յաւելումները չեն կրնար յատկացնել….եղեր…

7 անձ…կը գանձեն այսքան գումար…

Ինչպէ՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանայ երկրին գանձը: Ես չեմ գիտեր…

Յ.Գ. Սիրելի ընթերցող, եթէ գիտցաք ո՞ր ընտանիքի մասին կը խօսիմ, հաճեցէք պատասխանել զանգելով 03 904799  կամ  նամակ յղեցէք հետեւեալ Ե-նամակի հասցէին՝ diran_55@hotmail .com

Շնորհակալութիւն

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր