• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Առաջնագիծի Վրայ Կրաւորական Լարուած, Դիւանագիտական Ճակատի Վրայ՝ Մօտեցումները Անփոփոխ

24.03.2017   19:29

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Անցեալ շաբաթը առաջնագծի վրայ նորութիւններ չբերաւ: Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ կրաւորական լարուած: Հրադադարի խախտումներու եւ արձակուած կրակոցներու թիւը համեմատաբար կայուն են` 400-600 կրակոցի սահմանին: Հակառակորդը յատկապէս կիրառած է հրաձգային զինատեսակներ: Փոխարէնը՝ Մարտ 15-16-ին լրատուամիջոցերու մէջ յայտնուեցաւ ազրպէյճանական քարոզչամեքենային հերթական սուտը: Այս անգամ, ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներուն, վիրաւորուած էր Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը: Սուտը հերքեց Պաշտպանութեան նախարարը անձամբ: Լեւոն Մնացականեանը հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցով մը անդրադարձած է նաեւ սահմանին տիրող իրավիճակին եւ վստահեցուցած, որ պաշտպանութեան բանակը լիակատար կը վերահսկէ դրութիւնը:

Քաղաքական հարթութեան վրայ ալ Արցախին առընչուող արմատական նորութիւններ չեղան:

Եւրոպան Պաքուի Շանթաժին Չենթարկուեցաւ

Եւրոպան Ազրպէյճանի շանթաժին տեղի չի տար եւ չի միանար Արցախը տեղեկատուական յարձակման ենթարկելու արշաւին: Մարտ 13-ին, արդէն նաեւ պաշտօնապէս` Ֆրանք Էնկելի նամակի տեսքով հրապարակուեցաւ եւրոպացի պատգամաւորներուն դիրքորոշումը`Արցախ այցելելու համար զիրենք հետապնդումներու ենթարկելու Ազրպէյճանի նախաձեռնութեան առիթով: Ֆրանք Էնկելի նամակը հասցէագրուած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի արտաքին եւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սամետ Սեյիտովին, Եվրոնեսթի մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Ֆուատ Մուրատովին եւ ԵՄ-ազրպէյճան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի համանախագահ Ճաւանշիր Ֆեզիեւին: Եւրոպացի պատգամաւորը նշած է. «Միջազգային իրաւունքի որեւէ սկզբունք չ’արգիլեր նման այցերը: Որեւէ երկիր, Ազրպէյճանէն բացի, չի կրնար երեւակայել նման սկզբունքի կամ նիւթի գոյութեան մասին: Մոլտովան չի սպառնար ձերբակալել Մերձնտեսդր, Վրաստանը` Աբխազիա, Չինաստանը` Թայուան, իսկ Սերպիան` Քոսովօ այցելողներուն», իր նամակին մէջ նշած է Ֆրանք Էնկելը: Ֆրանք Էնկելը նաեւ յիշեցուցած է, որ ատիկա միայն 3-4 եւրոխորհրդարանականի կարծիք չէ: «Եւրոպական խորհրդարանը 2012 Ապրիլ 18-ին ընդունած իր բանաձեւին մէջ բաւական պարզ սահմանած է ԵՄ ներկայացուցիչներու անսահմանափակ մուտքի անհրաժեշտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ»,- կը յիշեցնէ նամակին հեղինակը: Այնպէս որ՝  յառաջիկային ալ եւրոպացի պատգամաւորները Արցախ պիտի այցելեն, հաւանական է՝ աւելի մեծ կազմով:

Մտավախութիւնը՝ Ռուս-թրքական Նոր Մերձեցման Հեռանկարին Առիթով

Այցելութիւններու եւ շրջագայութիւններու հարցով աւելի լուրջ դժուարութիւններ ունեցան Անգարայի ներկայացուցիչները: Թուրքիոյ նախագահին եւ անոր խմբակիցներուն եւրոպական պտոյտը տապալեցաւ: Էրտողանը սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթաց սկսած է՝ իր իշխանութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Արտաքինէն` այդ գործընթացը Եւրոպայի մէջ բնակող թուրքերուն ներկայացնելու նպատակ ունէր եւրոպական պտոյտը: Ատիկա, սակայն, խնդիրին մէկ կողմն է, ըստ էութեան՝ ոչ ամենակարեւորը: Էրտողանի եւ անոր համախոհներու եւրոպական պտոյտը այլ, Եւրոպայի համար աւելի վտանգաւոր տարր կը պարունակէր: Տարիներէ ի վեր` թրքական տարրը աւելցած է ու ամրապնդուած Եւրոպայի մէջ: Միայն Գերմանիոյ մէջ, պաշտօնապէս, մօտ 3 միլիոն, ոչ պաշտօնապէս` 8 միլիոնէն աւելի թուրք կը բնակի: Էրտողանին այցը եւ հանդիպումներուն շարքը իւրօրինակ զօրաշարժ մը պիտի ըլլար այդ զանգուածի աշխուժացման համար, որ յետագային Թուրքիան աշխուժութեամբ պիտի օգտագործէր` իբրեւ լծակ նաեւ այլ հարցերու մէջ: Այս լոյսին տակ` Էրտողանի եւ անոր խումբի այցելութիւններու շարքին ընդդիմանալով` Եւրոպան ոչ այնքան մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան պահպանման հարցերով, որքան իր սրտին մէջ նոր սպառնալիքի ծնունդը կանխելով: Այս թեմայով դիւանագիտական առճակատումը դեռ չէ աւարտած: Գերմանիա-թուրքիա յարաբերութիւնները սրած են, Անգարան Հոլանտայի հետ յարաբերութիւնները կը խզէ, հակաթրքական ճամբարին Եւրոպայի մէջ նաեւ այլ երկիրներ կը միանան: Այդ ամէնուն հետեւանքներուն մէջ հայկական միջավայրին համար վտանգներ պարունակողը ռուս-թրքական մերձեցման հեռանկարն է, որ, Թուրքիա-արեւմուտք յարաբերութիւններու լարման հիմքին՝ հաւանական է: Կարծես այդ հաւանականութիւնը ընդգծելու համար` օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահը Մոսկուա մեծկնած էր:

Մոսկովեան Այցը՝ Առանց Անակնկալներու

Մարտ 14-15 պաշտօնական այցով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուա կը գտնուէր: Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած առանցքային հարցերէն մէկը անվտանգութեան թեմայով էր: Անվտանգութեան ոլորտին մէջ տարածաշրջանային կարեւոր բաղադրիչը կը շարունակէ մնալ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու համար անհրաժեշտ է նախ ատոր համար պայմաններ ապահովել: Հանդիպման ընթացքին ատիկա նոյնպէս քննարկուած է, նշած է Սերժ Սարգսեանը. «Ընդգծուած է Վիեննայի եւ Փեթերզպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը: Մենք համակարծիք ենք, որ ուժի կիրառումը կամ անոր կիրառման սպառնալիքը անթոյլատրելի են եւ մեծապէս կը վնասեն խաղաղ կարգաւորման»: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան  զայն կը գնահատէ իբրեւ սահմանագծի վրայ հետաքննութեան կառուցակազմեր ներդնելու կոչ, որուն անթաքոյց դէմ է Ազրպէյճանը:

Ապրիլէն ետք ոչ միայն սահմանագծի վրայ իրավիճակը անփոփոխ է, այլեւ կարգաւորման տրամաբանութեան մէջ, յիշեցուցած է Հայաստանի նախագահը, չէ առարկած Ռուսիոյ ղեկավարը: «Հանդիպման ժամանակ ընդգծուած է եռակողմ անժամկէտ համաձայնագրերու պահպանման անհրաժեշտութիւնը, որոնք ստորագրուած են 1994-95 թուականներուն»,- լրագրողներու համար եղած համատեղ յայտարարութեան ժամանակ, Մոսկուայի մէջ, նշած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Այլ խօսքով, Ստեփանակերտը, ինչպէս 1994-95 թուականներուն, այնպէս ալ այսօր՝ կը շարունակէ դիտարկուիլ իբրեւ կողմ: Եւ վաղ թէ ուշ, ան պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան, կը գնահատէ Դաւիթ Բաբայեան:

Այս տրամաբանութեամբ՝ Ռուսիան պիտի շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը` Մինսկի Խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ: Պաքուի յոյսերը, Ռուսիոյ մասնակցութեամբ այլ ձեւաչափ ստեղծելու, չարդարացան: Ըստ էութեան, Արցախի մասով Փարիզի մէջ Օլանտի յայտարարութիւններուն բնական շարունակութիւնն էր Մոսկուայի մէջ Փութինի յայտարարութիւնը:

Ստեփանակերտ

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր