• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արցախի Մէջ Արեւելեան Օժանիւթը Պիտի Օգտագործեն

20.03.2017   08:23

*ՆՈՐԱՅՐ  ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Օրերս կայացած կառավարութեան նիստին՝ Արցախի վարչապետը խօսած է ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներ օգտագործելու ծրագրերու մասին: Խօսքը առաջին հերթին արեւային ուժանիւթի մասին է:

«Մենք որեւէ ուսումնասիրութիւն չունինք արեւային ուժանիւթի արտադրութեան հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ: Պէտք է այդ ուղղութեամբ քայլեր կատարենք, որուն համար արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ նաեւ խորհրդակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու եւ մասնագէտներու հետ: Այժմ պէտք է արեւային ելեկտրակայաններու կառուցման համար յարմար տարածքներու հետազօտութիւններ կատարենք, մանաւանդ որ արդէն ներդրող կայ, որ պատրաստ է կառուցել առաջին արեւային կայանը»,- նիստին ընթացքին տեղեկացուցած եւ յանձնարարած է վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան: Անկախ անկէ, նոր մօտեցումներ կ’որդեգրուին քաղաքաշինութեան մէջ: «Պէտք է արեւային մարտկոցներ տեղադրել բոլոր նոր կառուցուող բնակարաններուն վրայ` տաք ջուրի մատակարարման համար, որուն շնորհիւ քաղաքացիները ե՛ւ միջոցներ պիտի տնտեսեն, ե՛ւ փորձ՝ ձեռք բերեն: Այսինքն, մենք պէտք է գիտակցինք արեւային ուժանիւթի հեռանկարայնութիւնը եւ այսօրուընէ զարգացնենք այդ ոլորտը»,- ընդգծած է վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան:

Արցախի մէջ արդէն արեւային ուժանիւթը օգտագործելու որոշ փորձ կայ: Քանի մը կրթօճախներ, ինչպէս նաեւ հիւրանոցային տնտեսութիւններ՝ քանի մը տարի առաջ սկսած են գործընթացին: Կ’օգտագործեն յատկապէս ոչ տեղական սարքեր՝ արեւու ուժանիւթը  ելեկտրականութեան վերածելու կամ ջեռուցման համակարգի մէջ օգտագործելու նպատակով: Ֆրանսայի Ռոման քաղաքի հայ համայնքին աջակցութեամբ՝ Շուշիի մէջ քանի մը  բնակարան արդէն ապահովուած է արեւային ուժանիւթը օգտագործող ջրատաքացուցիչներով: Անոնց արժէքին մէկ մասը նիւթապէս կ’օժանդակէ համայնքը, միւս մասը՝ շահառու ընտանիքները, որոնք վճարումը կը կատարեն 3 տարուան ընթացքին՝ ամսական դրութեամբ: Վերջին շրջանին նոր միտում կայ. Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանը կը խոստանայ՝ ոչ հեռու ապագային՝ մասնագէտներ պատրաստել նոյնինքն արեւային ուժանիւթի օգտագործման ոլորտին մէջ: «Մեր համապատասխան մասնագէտը արդէն Ֆրանսա կը գտնուի՝ վերապատրաստման համար: Շուրջ 12 հազար եւրօ արդէն ուղղած ենք ուսումնարանին մէջ համապատասխան տարրալուծարանի կահաւորման համար: Նոյնքան ալ պիտի յատկացնենք 2018-ին»,- կը մանրամասնէ Շուշիի Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանի տնօրէն Վասպուրակ Կարապետեանը: -«Նաեւ հայաստանեան արտադրող կազմակերպութիւններու հետ պիտի համագործակցինք: Այնպէս որ, մինչեւ 2020 թուականը Շուշիի նոյն մեր ուսումնարանին մէջ, պիտի ունենանք բաւական հզօր ուսումնական կեդրոն մը՝ արեւային ուժանիւթի օգտագործման ոլորտին մէջ մասնագէտներ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու համար»,- աւելցուցած է ան:

Արցախը նախորդ տարի հասած է ուժանիւթի ինքնաբաւութեան շեմին. 2016-ին արտադրուած է այնքան ելեկտրականութիւն, որքան անհրաժեշտ եղած է ներքին պահանջարկը լրացնելու համար: 2017-ին ներքին պահանջարկը պիտի աւելնայ մօտ 15 տոկոսով: Կը նախատեսուի մօտ 30 տոկոսով ալ արտադրութիւնը աւելցնել: Ելեկտրականութեան արտադրութեան մէջ աճը կ’արտօնէ այս տարի եւս ելեկտրականութիւնը արտահանել:

Արցախի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան աճը մեծ մասամբ ապահովուած է փոքր ջրաելեկտրակայաններու կառուցման շնորհիւ: 2006 թուականէն ի վեր Արցախի մէջ արդէն կառուցուած են մօտ 2 տասնեակ փոքր ջրաելեկտրակայաններ: Այս պահուն ալ փոքր ջրաելեկտրակայաններու շինարարութիւնը կը շարունակուի: Արեւային ուժանիւթի օգտագործումը ելեկտրականութեան արտադրութեան մէջ պիտի ապահովէ աճի լրացուցիչ բաժին:

Ստեփանակերտ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր