• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Կեանքը Գոյներու Անմահութիւնն է

13.02.2017   08:32

*ԱՒԵՏԻՍ ՏԻՊԱՆ*

Մարդը մահկանացու է ու անոր անմահ մնալու միակ հնարաւորութիւնը իրմէ յետոյ որեւէ անմահ բան աշխարհի հանրութեան համար ձգելն է:

                                                                                      Ուիլիամ Ֆոլքնըր

          Անմահ է այն մարդը, որ իր գործով պիտի յաւերժացնէ մարդկութիւնը, թողնելով թանկարժէք հարստութիւն՝ կեանքի, բնութեան, արուեստի եւ առհասարակ մարդկային ապրելակերպի գեղարուեստական աշխարհին մէջ:

Զօհրապ Քէշիշեան՝ լիբանանեան եւ լիբանանահայ արուեստին մէջ իր դերն ու դրոշմը ունեցած գեղանկարիչը՝  5 Փետրուար 2017-ին հեռացաւ այս անցաւոր աշխարհէն, ծանր հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք: Ան ջատագով էր գեղեցիկ արուեստին՝ մարմնաւորելով կինը, հողը, բնութիւնը, մանուկը, կարօտը, սէրը իր զանազան կտաւներու մէջ: Ան հեռացաւ մեզմէ իրեն հետ տանելով թեթեւ բեռը, ինչպէս Վոլթեր ըսած է.«Անոնք դէպի անմահութիւն կ’երթան փոքր բեռով»:

Ան աճեցաւ ու բարձրացաւ ուսում առնելով տպաւորապաշտ, խորհրդապաշտ, վիպապաշտ, գերիրապաշտ դասական  գեղանկարչական ու պատկերաւոր դպրոցներուն մէջ:

Գոյնի եւ լոյսի ճաճանչագեղ արտացոլումներ ստեղծագործող գեղանկարիչը ծնած է Հալէպ, 1943 թուականին: Արուեստի իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի յունական արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ վկայուած է 1961-ին, ապա տեղափոխուած է Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսման արժանացած է իտալական «Ժուլիանօ» արուեստանոցին մէջ, 1970-ին, որմէ ետք արուեստի բարձրագոյն վկայականի տիրացած է Քասլիքի արուեստի կաճառէն:

1972 թուականէն սկսած է աշխատիլ իբրեւ արհեստավարժ գեղանկարիչ եւ դասախօս: Նկարած է լիբանանեան եւ օտար քաղաքական գործիչներու, նախագահներու եւ հոգեւորականներու դիմանկարներ:

1972-էն մինչեւ 2016 թուական տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուցած է աւելի քան 40 անհատական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է մեծաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Անոր գործերը տարածուած են աշխարհով մէկ: Ան նաեւ ձեռք ձգած է բազմաթիւ մրցանակներ:

Յիշատակն արդարոյ օրհնեալ եղիցի: Թող անոր արուեստը լոյս եւ գունաւոր կեանք պարգեւէ բոլոր արուեստի սիրահարներուն:
 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր