• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Այս Տարի Հայաստանի Մէջ 850 Միլիոն Տոլարի Ներդրումային Ծրագիրներ Պիտի Իրականացուին

14.04.2017   11:02

ՀՀ կառավարութեան երէկուան նիստէն ետք ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ, որ այս տարի կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ կատարել 850 միլիոն տոլարին համարժէք ներդրումներ:

«3,2 միլիառի մասին յայտարարուած է ու ատիկա քանի մը տարուան ծրագիր է: Այս տարի կը նախատեսուի, որ ըլլան  850 միլիոն տոլարին համարժէք ներդրումներ, որոնց ֆինանսական աղբիւրներն ու իրականացնողները արդէն յստակ են: Ինչպէս կը տեսնէք, արդէն շատ աշխոյժ ներդրումային ծրագիրները կը քննարկուին եւ ներդրումներ արդէն իսկ իրականացուած են»,-ընդգծած է նախարարը:

Ըստ Սուրէն Կարայեանի` հիմնական ներդրումները պիտի իրականացուին ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, դեղագործութեան եւ սնունդի վերամշակման ոլորտներուն մէջ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր