• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Մասնակիցներուն Հետ

15.07.2015   16:31

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է «Ոսկէ ծիրան» 12-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի պատուաւոր հիւրերու եւ Հայաստանէն ու աշխարհի տարբեր երկիրներէն փառատօնին մասնակցող շարժապատկերի մարզի գործիչներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Armradio-ն:

Նախագահը ողջունած է հանդիպումին մասնակիցները, նաեւ` անոնց մասնակցութիւնը աւանդութիւն դարձած «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին, որուն շնորհիւ, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, համաշխարհային շարժապատկերի լաւագոյն նմուշները կը ներկայացուին հայ հանդիսատեսին:

Հանրապետութեան նախագահը ոչ պակաս կարեւոր նկատած է, որ ամէն տարի փառատօնի շրջագիծին մէջ Երեւան հասած  համաշխարհային շարժապատկերի լաւագոյն ներկայացուցիչներն ալ կը ճանչնան Հայաստանն ու կը ծանօթանան հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջող ընթացք մաղթեց «Ոսկէ ծիրան» 12-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնին:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր