• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Թուրքիան Շատ Անհանգստացած է Հայաստանի Պալիսթիք Հրթիռներէն լուրը

26.09.2016   21:01

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուած զօրահանդէսին՝ հեռահար պալիսթիք հրթիռներու կայանքներուն ցուցադրութիւնը՝ բացի Ազրպէյճանէն, անհանգստացուցած է նաեւ Թուրքիան:

Ըստ «News.am»-ի՝ թրքական մամուլի մէջ անդրադարձած են զօրահանդէսի ժամանակ ցուցադրուած «իսքանտեր» հեռահար հրթիռներուն` նշելով, որ անոնք կը սպառնան տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու:

Թրքական «DunyaBulteni» կայքը գրած է, թէ Հայաստանի զինանոցին մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենաազդու հրթիռային համակարգերէն համարուող «իսքանտեր»ը, որ կրնայ խոցել մինչեւ Թուրքիոյ կեդրոնական մասը գտնուող Սվազ քաղաքը:

Կայքը նաեւ նշած է, թէ Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ հերթապահութեան կանգնած են նաեւ Թուրքիոյ սպառնացող S-300 համալիրներ:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր