• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Թուրքիա Այցելող Ռուս Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Նուազած է 98.5 Իսկ Գերմանացիներունը 44.9 Տոկոսով

22.06.2016   07:40

2016-ի Յունիսը համարուած է Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան պատմութեան մէջ ամենավատ ամիսը, քանի որ զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է 50 տոկոսով: Այս մասին ըստ ermenihaber.am-ի կը յայտնէ թրքական «Միլիյէթ» թերթը` ներկայացնելով Անթալիոյ օդակայանի տուեալները զբօսաշրջիկներու թիւին վերաբերեալ:

Ըստ այդ տուեալներուն Յունիս 1-16 Անթալիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը՝ անցեալ տարուայ համեմատ նուազած է 58.7 տոկոսով, որոնց մէջ ռուս զբօսաշրջիկներուն թիւը կտրուկ անկում ապրած է 98.5 տոկոսով, իսկ գերմանացիներուն թիւը նուազած է 44.9 տոկոսով:

2015-ի Յունիս 1-16-ին Անթալիա մեկնած են 732.353 զբօսաշրջիկներ, իսկ այս տարի նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը կազմած է 302.522:

Ամենամեծ անկումը արձանգրուած է ռուս զբօսաշրջիկներու շրջանակին մէջ: Եթէ նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին Անթալիա մեկնած են 241.320  ռուս զբօսաշրջիկներ, այս տարի նշեալ ժամակահատուածին անոնց թիւը կազմած է 3.517: 2014-ի Յունիս 1-16 ժամանակահատուածին, Անթալիոյ մէջ հանգիստ անցնելու մեկնած էին 318 հազար ռուս զբօսաշրջիկներ:

Գերմանացի զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է գրեթէ 50 %-ով: Անցեալ տարի Յունիս 1-16 Անթալիա իրենց հանգիստը կազմակերպած էին 213.735 Գերմանիոյ քաղաքացիներ, իսկ այս տարի անոնց թիւը նուազած է 44.9 տոկոսով` հասնելով 117.845-ի:

40 եւ աւելի տոկոսով նուազած է նաեւ Ղազախստանէն, Զուիցերիայէն, Շուէտէն, Աւստրիայէն, Հոլանտայէն, Չեխիայէն եւ Լեհաստանէն Անթալիա մեկնած զբօսաշրջիկներուն թիւը:

2016-ի առաջին կիսամեակին (Յունուար 1-էն Յունիս 16), Անթալիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է  44.3 տոկոսով` 2 միլիոն 831 հազարէն հասնելով 1 միլիոն 578 հազարի:

Կը նշուի, որ այդ ոլորտի վրայ բացասական ազդեցութիւն ձգած են Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններու ճգնաժամը, ահաբակչական յարձակումները եւ պայթումները:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր