Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան Պարգեւատրումներու Կ՛արժանանայ

Ընթացիկ տարուան ընթացքին նկարիչ Յարութիւն Թորոսեան արժանացաւ հետեւեալ պարգեւներուն.

Յուլիս 27 ին Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհի՝ տիկին Հրանուշ Յակոբեան արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեանին շնորհեց «Արշիլ Կորքի» մետալը:

Հոկտեմբեր 20ին Լիբանանի նկարիչներու եւ արձանագործներու միութիւնը պարգեւատրեց իր չորս անդամնեը՝ որոնցմէ մին Յարութիւն Թորոսեանն էր, միւսները Նայիմ Տումիթ, Սամի Ռըֆաի եւ Ֆաիքա Ուայտա:

Ձախէն աջ Իլիաս Տիպ՝ նախագահ Լիբանանի նկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան Երկրորդ անձ՝ մշակոյթի նախարար պարոն Ռէյմոն Արայիժի եւ Յարութիւն Թորոսեան. Չորրորդ՝ արձանագործ Նայիմ Տումիթ
Ձախէն աջ Իլիաս Տիպ՝ նախագահ Լիբանանի նկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան
Երկրորդ անձ՝ մշակոյթի նախարար պարոն Ռէյմոն Արայիժի եւ Յարութիւն Թորոսեան.
Չորրորդ՝ արձանագործ Նայիմ Տումիթ

 

 

«Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջը Նախաքայլ Մըն Է Մեր Բոլոր Ազգապատկան Կալուածներու Վերադարձի Իրաւական Գործընթացին».

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ յարուցած՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձի դատը, որ իր տեսակին մէջ եզակի քայլ մըն էր՝ Հայ Դատի իբր շօշափելի ու գործնական նախաձեռնութիւն, ցնցում պատճառեց հայ եկեղեցական թէ քաղաքական իրականութենէն ներս: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողողութեամբ, երեք տարիներու ընթացքին դատի նախապատրաստական աշխատանքները տարուեցան լրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ՝ հեռու լուսարձակներէ: Դատի թղթածրարին պատրաստութեան աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին թուրք եւ օտար միջազգային օրէնքի մասնագէտներ:

Զանազան առիթներով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ճամբով՝ լայն բացատրութիւններ տուաւ յիշեալ դատին շուրջ, նկատի ունենալով անոր իւրայատուկ կարեւորութիւնը: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութեան հրաւէրով Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2015-ին «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, աւելի քան 50 մտաւորականներու ներկայութեամբ, լուսարձակի տակ առնելու դատին ներքին ծալքերն ու զանազան երեսները: Վեհափառ Հայրապետը նախքան դատին մանրամասնութիւններուն եւ բացատրութիւններուն անցնիլը հարց տուաւ, թէ ո՞վ է մտաւորականը: Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց, թէ մտաւորականութիւնը, որ կոչուած է առանցքային դեր ունենալու մեր Հայրենիքէն ու գաղութներէն ներս, փաստօրէն սկսած է նօսրանալ: Նորին Սրբութեան համաձայն «մտաւորականը միայն գրողը եւ գիրք տպողը չէ, այլ մեր կեանքէն ներս տագնապողն է, ըսելիք ու ընելիք ունեցող անձն է, մեր կեանքը առաջնորդելու եւ անոր առջեւ նոր հորիզոններ բանալու ատակ ու յանձնառու մարդն է»:

Ապա Արամ Ա. Կաթողիկոս 7 հարցադրումներ կատարեց եւ անոնց ընդմէջէն մանրամասնօրէն ներկայացուց դատի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը իր բոլոր հանգրուաններով: Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ կարեւոր ներդրում ունեցած էր Փետրուար 2012-ին Կաթողիկոսարանի կողմէ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ճանաչումէ Հատուցում» միջազգային համագումարի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ դատի թղթածրարի պատրաստութեան աշխատանքին մէջ, ներկայացուց դատին հետ աղերս ունեցող միջազգային ու թրքական օրէնքներուն տարբեր երեսները եւ անոր իրաւական հիմնաւորումները:

Վեհափառ Հայրապետը մտաւորականներուն պարզեց դատին ամբողջական ու հսկայածաւալ թղթածրարը բոլոր մանրամասնութիւններով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ գտնուող զանազան կալուածներու փաստաթուղթերը, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ճանաչումէ Հատուցում» միջազգային համագումարին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները ամփոփող International Criminal Law պարբերաթերթին օրինակը եւ Կաթողիկոսութեան կողմէ անոր վերահրատարակած Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation հատորին օրինակը՝ իւրաքանչիւրին պարագային տալով անհրաժեշտ բացատրութիւններ: Եզրակացնելով Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, թէ «Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը փաստօրէն շատ կարեւոր նախաքայլ մըն է՝ մեր համազգային Դատի ծիրէն ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ զոհն է Հայոց Ցեղասպանութեան, 100ամեակէն վերջ յանուն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, պիտի շարունակէ Հայ Դատի իրաւական հետապնդումի գործընթացը»:

Աւարտին ներկաները շարք մը հարցումներ ուղղեցին զիրենք մտահոգող նիւթերուն շուրջ, որոնք լուսաբանուեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին կողմէ տրուած սպառիչ պատասխաններով:

«ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋԸ՝ ՆԱԽԱՔԱՅԼ ՄԸՆ Է ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, մանկամսուրէն մինչեւ բարձր կարգեր, իւրաքանչիւր բաժինի համապատասխան աշխատանքներով եւ ձեռնարկներով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Մանկամսուրի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, մանկապարտէզի սաները տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Կեդրոնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Եղիայեանի:

Ելոյթ ունեցաւ վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբը, բացման խօսքը արտասանեց Շարպէլ Ղազար, բարձր կարգերու աշակերտները կատարեցին լիբանանեան ազգագրական պարեր, նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային երգեր եւ ասմունք, իսկ անկախութեան համար Լիբանանի պայքարին ու զոհողութիւններուն մասին պատմութիւնը ներկայացուեցաւ ստուերներու թատրոնի ձեւով, զոր գեղեցկօրէն իրականացուցին նախակրթարանի Գ. դասարանի աշակերտները: Անհատական կատարումներով ելոյթ ունեցան Արմիկ Հեքիմեան (քլարինեթ), Վանեսա Հատտատ (ասմունք) եւ Շնորհք Ճերճեան (ջութակ):

Ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ օրդ. Սիհամ Սալլում, որ շեշտեց կրթութեան ճամբով Լիբանանին ծառայելու աշակերտութեան ներկայ եւ ապագայ դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Եզրափակիչ պատգամը արտասանեց Հայր Եղիայեան, որ նախ դիտել տուաւ, թէ Լիբանան ներկայիս կը գտնուի դժուարին կացութեան մէջ, որ սակայն պէտք չէ մեզ յուսալքութեան մատնէ, այլ ընդհակառակը՝ մղէ հայրենիքը դարձեալ ոտքի կանգնեցնելու պարտականութեան: Հայր Եղիայեան ըսաւ, որ ջանասէր եւ գիտակից աշակերտութիւնը Լիբանանի վաղուան յոյսն է ու անոր շնորհիւ մեր երկիրը կրնայ վերստին գտնել իր փառքը, ազգային համերաշխութիւնը եւ քաղաքակրթական առաքելութիւնը:

Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 IMG_5048

IMG_9736

ՌԱԿ Հալէպի Շրջանային Վարչութիւնը ՌԱԿիեւ ԹՄՄի Սուրիոյ Համայն Շրջանակը

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն իրենց գաղափարի վաստակաւոր, հաւատաւոր եւ նուիրեալ Ընկերուհի ՝ Արաքսի Սարգիսեան-Վիզոյեանի շիջման տխուր լուրը:

Հանգուցեալը երկար տարիներու իր բազմաշնորհ վաստակով, անսակարկ աշխատանքով, զինուած գաղափարական անշահախնդիր յատկանիշերով վստահաբար անջնջելի հետքը ձգեց իր շրջանակէն ինչպէս նաեւ իր գաղութէն ներս:

Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին որդւոյն Ընկ. Յարութ Վիզոյեանին եւ Տիկնոջ Ընկ.հի Ցոլա Պէշլեան-Վիզոյեանին, հանգուցեալին դուստրին Ընկ.հի Թալին Վիզոյեան- Սթամպուլեանին եւ ամուսնոյն Հրակ Սթամպուլեանին ինչպէս նաեւ թոռներուն, եղբօրը՝ Վարուժան Սարգսեանին, քրոջը՝ Արփինէ Սարգիսեան Նագգաշեանին եւ իր բոլոր պարագաներուն:

Կը ցաւակցինք նաեւ Սուրիոյ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի բոլոր մեր ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն թանկագին մեր Ընկերուհի Արաքսի Վիզոյեանի թախծալից մահուան առթիւ:

Յարգանք իր վաստակին.

Յիշատակդ անթառամ մնայ Ընկ.հի Վիզոյեան:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Հալէպի Շրջանային Վարչութիւն

24 Նոյեմբեր, 2015

Արաբերէնի Բարձրագոյն Նիշեր Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրում Եւ «Պայան»ի Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ «Սոտեթէլ»ին եւ կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցան՝ լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումն ու «Պայան» շարադրութեան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, «Սոտեթէլ»ի ընդհանուր տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեանին, օրուան պատւոյ հիւր՝ հաղորդավար Զաւէն Գույումճեանի, «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Արամ Գարատաղլեան։

Լիբանանի քայլերգէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայէք, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, ի մասնաւորի լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի ուսուցիչներուն եւ դատական կազմի անդամներուն։ Հայէք ներկայացուց «Պայան» մրցանքի կարեւորութիւնը՝ իբրեւ քաջալերող միջոց արաբերէնի զարգացման ու տարածման։

Ապա «Կոկիկեան» հիմնարկի անունով խօսք առաւ «Կոկիկեան»ի աշակերտներէն Շանթ Վարդանեան, որ յայտնեց հիմնարկին նկատմամբ իր երախտագիտութիւնը։ Ան հաստատեց, որ «Կոկիկեան»ի շնորհիւ ինք կրցած է իր համալսարանական ուսումը ստանալ՝ Լիբանանի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ։ «Հիմնարկ»ի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք Վարդանեան շեշտեց, թէ աշակերտները լաւապէս պէտք է տիրապետեն արաբերէնին, որովհետեւ արաբերէնը Լիբանանի սահմանադրութեամբ ճշդուած երկրի պաշտօնական լեզուն է։

Ապա պարգեւատրուեցան 2014-2015 տարեշրջանին, հայկական բարձրագոյն վարժարաններէն արաբերէնի բարձրագոյն միջին ապահոված 10րդ, 11րդ եւ 12րդ դասարաններու աշակերտները, որոնք հիմնարկին կողմէ ստացան յատուկ յուշանուէրներ։

«Պայան» մրցանքի անցնող տարեշրջանի մրցանակակիր, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն Ռոտրիկ Սեփեթճեան ընթերցեց՝իր շնորհաւորական ուղերձը ու յանձնեց «Պայան»ի յուշանուէրը, որմէ ետք Հայկազեան համալսարանի երաժշտական ակումբէն Զիատ Ժամալ երգեց Ֆէյրուզէն երկու երգեր։

Իր կարգին խօսք առաւ հաղորդավար Զաւէն Գույումճեան, որ մեծապէս գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնարկի նախաձեռնութիւնը։ Ան նշեց, որ արաբերէնը երաշխիքն է Լիբանանի մէջ իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ։ Իր անհատական փորձառութիւնը ներկայացնելով Գույումճեան շեշտեց, թէ ինք առաջին հայն էր, որ մուտք գործած էր Լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններուն մէջ իբրեւ հաղորդավար, եւ միշտ ալ առիթներ կան, եթէ առկայ է համապատասխան պատրաստուածութիւնն ու արաբերէնին տիրապետումը։

Ապա տեղի ունեցաւ «Պայան»ի մրցանակաբաշխութիւնը։ Մրցանակակիր աշակերտներն էին.

Առաջին՝ Լիւսի Թապաքեան (ՀԲԸՄ Դարուհի – Յովակիմեան բարձ. վարժարան)

Երկրորդ՝ Մարիա Ունճեան (Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձ. վարժարան)

Երրորդ՝ Շերպէլ Ապէթեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձ. վարժարան)

Մրցանքի աւանդութեան համաձայն, առաջին մրցանակակիր Լիւսի Թապաքեան ընթերցեց իր շարադութիւնը, իսկ վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեան ստանձնեց «Պայան»ի յուշանուէր-մրցանակը։

BAYAN02

Գերեզմանոցի Անվճար Հողատարածք Սուրիահայերու Համար

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ հոգացած է, որ Երեւանի Նուպարաշէնի գերեզմանոցին մէջ անվճար հողայատկացումներ տրամադրուին, Սուրիոյ պատերազմէն ետք Երեւանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն` իրենց հանգուցեալները յուղարկաւորելու համար: Այս մասին  ըսած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի, Սուրիահայերու հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան:

Վերջինս նաեւ աւելցուցած է, որ հողայատկացումէն բացի Երեւանի վարչական շրջանի ղեկավարութիւնը, ուր ապրած է հանգուցեալը, պիտի ֆինանսաւորէ յուղարկաւորութեան հետ կապուած շարք մը ծառայութիւններ:

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Աշակերտները Կը Նշեն Լիբանանի Անկախութեան 72-րդ Տարեդարձը

22 Նոյեմբերին մայրիներու երկիր Լիբանանը կը նշէ իր անկախութեան տարեդարձը: Այս առիթով Ուրբաթ, 20 Նոյեմբերին վարժարանիս աշակերտութիւնը ներկայացուց կոկիկ յայտագիր մը՝ ի պատիւ Լիբանանի անկախութեան 72-րդ տարեդարձին: Արդէն լիբանանեան դրօշակները զարդարած էին դպրոցին շրջափակը եւ այդ օր զբօսանքներուն ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր:
Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք լիբանանեան դրօշակին գոյներով հագած Ծաղիկ դասարանի աշակերտներ արտասանեցին՝ «Լիբանան» խորագիրով ասմունք մը, որուն յաջորդեց Բ. դասարանի երգի կատարողութիւնը:
Արաբերէն լեզուի եւ պատմութեան ուսուցչուհի Տիկ. Մէրի Խուրի փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «այսօր բոլորս հրաւիրուած ենք խոկալու Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին մասին, ոչ թէ որպէս դիտորդ, այլ որպէս անկախութեան կերտիչ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ներդրում բերէ անկախութեան գծով, ուրախանալով բոլոր անոնց հետ, որոնք բարձր պահեցին Լիբանանի անունը, եւ իրենց ուրախութիւնը, սէրը եւ պատկանելիութիւնը արտայայտեցին մեր սիրելի հայրենիքին հանդէպ»: Տիկ. Խուրի ըսաւ նաեւ, թէ մենք մեր թեւերը կ‏þերկարենք բոլոր բարի կամեցողներուն, որպէսզի միասնաբար աշխատինք, որովհետեւ երբ միանանք՝ կը զօրանանք, հետեւաբար ան բոլորը մղեց աշխատանքի՝ հաւատալով, որ անկախութիւնը կը գրուի արիւնալի տողերով եւ կը վեհանայ ներողամտութեան յատկութեամբ օժտուած մարդոցմով:
Յաջորդաբար բեմ բարձրացան 4-րդ դասարանցիները՝ նահատակներուն նուիրուած երգով, 3-րդ դասարանցիները՝ «Ո՞ւր է անկախութիւնը» ներկայացումով, 8-րդ դասարանի աշակերտները՝ ասմունքով: 11-րդ դասարանէն երեք աշակերտներ դաշնամուրի, ջութակի եւ թմբուկի նուագով ներկայացուցին արաբերէն երգ մը, իսկ 7-րդ դասարանցիները արտասանեցին «Նոր Լիբանանը» խորագիրով քերթուած մը:
10-րդ դասարանէն երկու աշակերտուհիներ երկխօսութիւն մը կատարեցին՝ այսօրուան երիտասարդներուն ապրած պայմաններուն մասին, որոնք կ‏þապրին անապահով կացութեան մէջ: 5-րդ դասարանցիները ելոյթ ունեցան ասմունքով, իսկ 6-րդ դասարանի աշակերտները երգեցին ու պարեցին ի պատիւ իրենց ծննդավայր Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիներուն եւ զայն ներկայացնող աշակերտներուն: Ան ըսաւ, թէ մենք բնաւ պէտք չէ կորսնցնենք մեր յոյսը եւ բռունցքուած պէտք է աշխատինք ունենալու ա՛յն անկախութիւնը, որուն կ‏þերազենք եւ կը ձգտինք հասնիլ: Տիկ. Պոյաճեան շնորհաւորեց ու պատուեց նաեւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մետալներ ապահոված վարժարանիս աշակերտները:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Երկու Եպիսկոպոսներու Օծման Ու Ձեռնադրութեան Հանդիսաւոր Արարողութեան Տուած Պատգամին Մէջ՝ «Մենք Կա՛Նգ, Կը Մնա՛Նք Ու Կը Լուսաւորենք Աշխարհը», Ըսաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը

Ոչ միայն  Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու դասին եւ ընդհանրապէս Հայ կաթողիկէ համայնքին համար, այլ համայն լիբանանահայութեան համար ցնծալի ու յիշարժան առիթ մը հանդիսացաւ՝ հայ կաթողիկէ երկու քահանաներու եպիսկոպոսական օծման եւ ձեռնադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 21 Նոյեմբեր 2015, Շաբաթ երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին,  առընթերակայութեամբ  Հայ Կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերու։

Արդարեւ Հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին եւ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանին  եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծումին  ուրախութիւնը՝ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան հետ բաժնելու եկած էին պապական նուիրակը՝ Կապրիէլ եպիսկ. Քաչիա,  Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տէր Շահէ եպիսկ. Փանոսեան,  մարոնիթներու Պատրիարք  Կարդինալ Պշարա Ռաաիի ներկայացուցիչ՝ մարոնիթներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը,  քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Լիբանանի պետական ու պաշտօնական մարմիններու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները, լիբանանեան ու լիբանանահայ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ ու խուռներամ ժողովուրդ մը, որուն համար նեղ կու գար աթոռանիստ եկեղեցին, մինչ աշխարհասփիւռ քրիստոնեայ հաւատացեալ հասարակութիւնը հոգեպարար արարողութեան կը հետեւէր՝ «Թելէ-Լիւմիէր»ի կողմէ կատարուած ուղղակի սփռումին միջոցաւ։ Պաշտօնական անձնաւորութեանց եկեղեցի ժամանումը կը դիմաւորուէր ՀԿՄի Զալքայի շեփորախումբին կողմէ։

Արարողութեան ներկայ ժողովուրդը յոտնկայս ծափահարութիւններով դիմաւորեց «Կռունկ» երգչախումբին կողմէ հնչեցուած «Հրաշափառով»  եկեղեցի  մուտքը՝  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ գլխաւորուած եւ երկու եպիսկոպոսութեան կոչեցեալները շրջապատող եպիսկոպոսներու, գերյարգելի, գերապատիւ հայրերու, սարկաւագներու, սպասաւորներու թափօրին։

Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Ձեռնադրակից երկու եպիսկոպոսներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի առաջնորդ  գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեան հայերէնով, եւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ գերապայծառ Յովհաննէս Թէյրուզեան արաբերէնով ընթերցեցին, Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Կոնդոկը՝ Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի՝ իբրեւ Սպահանի առաջնորդ Իրանի կաթողիկէ Հայոց  եպիսկոպոս, եւ Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանի՝ իբրեւ Ամիտայի տիտղոսակիր Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս ընտրութեան մասին, Հայ կաթողիկէ Սիւնհոդոսին կողմէ եւ որ արժանացած է Սրբազան Քահանայապետի հաճութեան։

Ներկայ ժողովուրդը բերկրալից  յուզումով հետեւեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ կատարուած՝  երկու կոչեցեալներու օծման եւ ձեռնադրութեան իւրաքանչիւր  մասին, որ տեղի ունեցաւ «Կռունկ» երգչախումբին կողմէ երգուած հայկական շարականներու հնչիւնին ներքեւ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սրբալոյս միւռոնով օծեց  կոչեցեալներուն ճակատներն ու ափերը, ապա անոնց յանձնեց եպիսկոպոսական իշխանութիւնը խորհրդանշող գաւազանը, մատանին, Աւետարանը, բանակէն, եմիփորոնը եւ հուսկ՝ խոյրը։ Ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը ինքնաբուխ ծափահարութեամբ ողջունեց եպիսկոպոսական իշխանութեան յանձնումը երկու նորօծ եպիսկոպոսներուն։

Օծման եւ ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին տուած  իր պատգամին մէջ,  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը  շնորհաւորելէ ետք նորօծ եպիսկոպոսները  նշեց կեանքի այն դժուարին, տագնապալի ու տառապալի պայմանները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այսօր  ժողովուրդներ, որոնց ծառայելու կոչուած են եպիսկոպոսները։ Նշելէ ետք, որ մարդիկ յուսաբեկ եւ թերահաւատ՝ սկսած են կորսնցնել իրենց հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ՝ մտածելով, որ Աստուած լքած է զիրենք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յարեց.  «Դուք կոչուած էք յոյս եւ լոյս տալու անոնց։ Պիտի զօրացնէք անոնց հաւատքը  եւ զանոնք պիտի մօտեցնէք Աստուծոյ»։

Կոչ ընելով եպիսկոպոսներուն իրենց կեանքին օրինակով եւ Քրիստոսի ուսմունքներով ու լոյսով դառնալու Քրիստոսի վկաները, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ «եթէ դուք աղօթքով միացած ըլլաք  Քրիստոսի եւ անոր անուշ հոտը բուրէք ու մօտենաք ժողովուրդին, անոր մէջը ըլլաք, անոր առջեւէն քալէք, զայն լսէք, այն ատեն դուք ալ ոմն Քրիստոս կը դառնաք, ձեզմով ուժ կ՛առնեն,  եւ ձեզի հետ միասին ուղեկից կ՛ըլլան դէպի Տէրը՝ Քրիստոս, որ մեր երջանկութիւնն է, մեր ողորմած, մեր գթած հայրն է եւ կը հրաւիրէ մեզ իր յաւիտենական երանութեան։ Մենք ձեզի հետ գօտեպնդուած ենք։ Մէկ սիրտ ու մէկ հոգի պիտի ըլլանք, որպէսզի մեր Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, հաւատացեալները եւ մեր հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ գտնուի՝ Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ տարածուած, իսկապէս զգայ որ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, մեր նահատակներուն շնորհքով ու բարեխօսութեամբ մենք կա՛նգ, կ՛ապրի՛նք, կը մնա՛նք, կը լուսաւորենք աշխարհը ու կ՛երթանք, վկաները կ՛ըլլանք  մեզ սիրող Աստուծոյ, նախախնամող Աստուծոյ, որ մեզ չի լքեր»։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին,  պապական նուիրակը՝  գերապատիւ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին ողջոյնի խօսքը։

Հուսկ իրենց սրտի ու շնորհակալութեան խօսքը արտասանեցին նորօծ եպիսկոպոսները՝ գերապայծառ Սարգիս  Դաւիթեան (հայերէն) եւ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան (արաբերէն)։ Անոնք նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ եւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ու սիւնհոդոսական հայրերուն, խոստանալով ի դերեւ չհանել իրենց վրայ դրուած յոյսերը եւ խնդրելով ներկաներէն  այս նպատակով աղօթել։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին պետական, պաշտօնական, զինուորական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն,  տարբեր երկիրներէ ժամանած հիւրերուն ու հարազատներուն, հաղորդամիջոցներուն եւ յատկապէս «Թէլէ-Լիմիէր»ին եւ բոլոր ներկաներուն։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, նորօծ եպիսկոպոսները ներկաներուն շնորհաւորութիւնները  ընդունեցին եկեղեցւոյ մէջ։

b5654459408d95

 

«Փթիթ» Մանկապատանեկան Պարբերաթերթի Կայքը Պատրաստ է

«Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը կը հրատարակուի Պէյրութի մէջ, 2010 թուականէն ի վեր, նպատակ ունենալով հայ մանուկներուն ու պատանիներուն ընթերցասիրութիւնը քաջալերել, զարգացնել անոնց բառամթերքը, մշակել տրամաբանութիւնը եւ փոխանցել բարոյական պատգամներ: «Փթիթ» առաջին համարէն իսկ, արժանացաւ սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլի ու մտաւորականներու եւ բազմաթիւ մանկավարժներու գնահատանքին ու քաջալերանքին, ինչպէս նաեւ վեց տասնեակէ աւելի դրուատալից գրախօսականներու:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժինի պատասխանատուները` արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան իրենց ծրագիրներուն ծիրին մէջ, ֆինանսաւորեցին «Փթիթ»-ի ելեկտրոնային տարբերակի պատրաստութիւնը` նպատակ ունենալով «Փթիթ»-ի բազմաբնոյթ բովանդակութիւնը անվճար կերպով հասանելի դարձնել աշխարհասփիւռ հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն:

«Փթիթ»-ի կայքը` www.e-ptit.com արդէն իսկ պատրաստ է: Այնտեղ ամսական հերթականութեամբ պիտի տեղադրուին նոր նիւթեր` խաղեր, պատմուածքներ եւ այլն:

«Փթիթ»-ի կայքի մեկնարկէն քանի մը ամիս ետք, պիտի կատարուի նաեւ մեկնարկը «Փթիթ»-ի Էփլիքէյշընին`  բջիջային հեռաձայններու վրայ, Էնտրոյտ եւ Այ. Օ. Էս.  ծրագիրներով:

«ՓԹԻԹ»-Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

***

Կը շնորհաւորենք մանկապատանեկան «Փթիթ»ի ամէն դժուարութիւններ յաղթահարելով հետեւողական հրատարակութիւնը եւ այժմ ալ համացանցի վրայ իր կայքը ունենալը, որպէսզի անոր բովանդակութիւնը անվճար հասցուի եւ ուզենք կամ չուզենք իրենց ելեկրոնային աշխարհին միջոցաւ աւելի եւս սրտամօտիկ ըլլայ աշխարհասփիւռ հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն։ Վարձքը կատար հայ մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան մէջ այս շնորհակալ գործը յաջողցնողներուն՝ Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեաններուն, այս ծրագիրը իրականութիւն դարձնող՝«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժինի պատասխանատուներուն ու «Փթիթ»ի բոլոր աշխատակիցներուն։

                                                                                                                                                  «Խմբ»