• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան Կազմակերպութեամբ Թէյասեղան

20.04.2017   07:46

ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 31 Մարտ, 2017 ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ տեղի  ունեցաւ աւանդական TEA TIME –ը՝ երկու  հարիւր  մասնակիցներու ներկայութեամբ, որոնց  շարքին էին   Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր Դեսպանին Տիկինը Էլիզապէթ Մկրտչեանը եւ անձնակազմի տիկինները: Հիւրերու շարքին էին նաեւ յայտնի անձնաւորութիններ,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ

Գործադիր Մարմիններու տիկիններէն եւ ՀԲԸՄ-Ի տիկնանց վարչութիւններու եւ

այլ միութեանց պատասխանատու կանանց ներկայացուցիչներ:

ՀԵԸ-ի Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Մայտա

Քիւրէճեանը բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց բոլոր ներկաները եւ

բարի ժամանց մաղթեց՝ ներկայացնելով խնամքով պատրաստուած յայտագիրը: Տիկ.

Քիւրէճեան անդրադարձաւ վարչութեան անցեալի գործունէութեան եւ

powerpoint-ի նկարներով ընդհանուր ակնարկ մը կատարեց այդ ձեռնարկներուն վրայ:

Ապա, ան  ներկայացուց  օրուան   յայտագիրը:

tea time 5-guests (1)

Օրուան հիւրը տիկ. Մարալ Պուճիքեան բեմ հրաւիրուեցաւ՝ ներկայացնելու համար

Զատկուան տօնին  առիթով  պատրաստուող  տարբեր ուտեստներու խոհագիրները,  ինչպէս՝  գունաւոր Չէորէկին, Սուշիի կարկանդակին եւ Քինօայով աղցանին:

Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան տիկին Մարալ Պուճիքեանի   բացատրութիւններուն:

Յայտագիրի աւարտին տիկ. Մայտա  Քիւրեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկ.

Պուճիքեանին եւ վարչութեան կողմէ յիշատակի նուէր մը յանձնեց յարգելի

հիւրին:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Ներկաները բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով:

Բոլորը հրաւիրուեցան ճաշակելու համեղ խմորեղէններ եւ անուշեղէններ:

Վարձքը կատար ՀԵԸ-ի Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան անդամուհիներուն

այս շատ օգտաշատ հաւաքոյթին  եւ  բծախնդիր աշխատանքին համար:

tea time 2-Mrs. Maral Boujikian  presenting

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր