• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի Կազմակերպած Պտոյտը Դէպի Taanayel Եւ L’Universe d’Albert

14.04.2017   10:56

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը կը կոչուի նաեւ Զատիկ, որ կը նշանակէ զատում, հեռացում, բաժանում մեղքէն եւ վերադարձ առ Աստուած: Այս տօնը կը համարուի Քրիստոնեայ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հնագոյն եւ գլխաւոր տօնը՝ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը:

20170410_112207

Զատիկը շարժական տօն է, այսինքն իւրաքանչիւր տարի անոր յիշատակութեան օրը կը փոխուի: Հայ Առաքելական եկեղեցին զայն կը տօնէ գարնան գիշերահաւասարի յաջորդող լուսնի լրման առաջին Կիրակի օրը՝ Մարտ  22-էն  Ապրիլ 26-ի ժամանակահատուածին վրայ: Այս տարի զայն պիտի տօնենք 16 Ապրիլին:

Հետեւաբար, վարժարանիս հոգաբարձութեան նախկին անդամ՝ Տիար Վահէ Արթինեանի նախաձեռնութեամբ, այս տօնին առիթով Երկուշաբթի 10 Ապրիլ, 2017-ին Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարան այցելեցին Samaritan’s Purse կրօնաբարեսիրական հաստատութեան անդամները, որոնք վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ ներկայացան դաստիարակչական թատերախաղով մը, աշակերտներուն փոխանցելով սիրոյ, ներողամտութեան եւ համերաշխութեան գաղափարները: Ապա աշակերտները ստացան նուէրներով լի տուփ մը:

20170412_113132

Հետաքրքրականը այն էր մեր աշակերտներուն համար, թէ անծանօթ եւ օտարազգի մանուկ մը ի՞նչ կրնար ղրկած ըլլալ իրենց:

Իսկ Չորեքշաբթի 12 Ապրիլ, 2017–ին, առաւօտ կանուխ Ա-էն 9-րդ դասարններու աշակերտները իրենց դաստիարակներով  ուղղուեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր հաղորդուեցան Քրիստոսի Ս. արեամբ եւ մարմնով: Ապա վերադարձան դպրոց, ուր տեղի ունեցաւ  հիւրասիրութիւն ծնողաց յանձնախումբի կողմէ: Վերջապէս աշակերտները ցնծութեամբ բարձրացան հանրակառք՝ ուղղուելու համար Taanayel, ուր անոնք անցուցին զուարճալի ժամեր՝ հեռու քաղաքի ժխորէն, տեսնելով ծաղկած բնութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտանի անասունները, որոնց մասին այնքան հաճոյքով սորված էին իրենց դասագիրքերուն մէջ: Աշակերտները այնքան ուրախ էին, որ ակամայ հեռացան այդ վայրէն:

Իսկ  մանկապարտէզի փոքրիկները Ս. Զատկուան Տօնը յիշատակեցին ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտով մը։ Գունաւորեցին հաւկիթներ, շաղեցին, կաղապարեցին ու եփեցին աւանդական կրկնեփուկներ, պատրաստեցին գեղեցիկ ձեռայիններ, որմէ ետք պատրաստ եղան հիւրընկալելու Ժանօ Նապաստակը։ Անոնք պարեցին ու ցատկեցին նապաստակին հետ, համտեսեցին կրկնեփուկները ու խանդավառուեցան  հաւկթախաղով,  ապա ուղղուեցան  L’Universe d’Albert մանկական զուարճավայրը  շարունակելու համար Զատկուան պատրաստուած յատուկ յայտագիրը ։

20170412_121913

Ս.  Յարութեան տօնին նախընթաց երեկոյեան, եկեղեցիներու մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյսի Ս. պատարագ, որու ընթացքին Ս. հաղորդութիւն ստանալով դուրս կու գան պահքէն: Հաւատացեալները զիրար կ’ողջունեն «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»  աւետիսով եւ կը ստանան «Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի» պատասխանը: Այս տօնին հաւատացեալները հաւկիթ կը ներկեն, որ կը համարուի Յարութեան եւ նոր կեանքի խորհրդանիշը:

IMG_0176

Ս. Զատկուան տօնին առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորենք ձեզ, մաղթելով ձեզի ամենայն բարիք:               

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
 Լրատուական Գրասենեակ

       

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր