• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը.-ի Մարզիկները՝ Երէց Կարգի Սեւ Գօտիի Մրցաշարքին Աստղերը

11.08.2014   15:51

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Taekwondo-ի Ֆետերասիոնին, Կիրակի 10 Օգոստոս 2014-ին տեղի ունեցաւ Երէց Կարգի Սեւ Գօտիի Տարեկան Ախոյեանութիւնը տարբեր կշիռքներու դասակարգներու համար, Մոն Լա Սալի մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սեւ գօտի ունեցող մարզիկներ՝ Նարեկ Պուլտուքեան (68 քիլոկրամ) եւ Էլիաս Հիտէրի (87 քիլոկրամ)  հսկողութեամբ «Կրան Մասթըր» Պասըմ Աատին եւ «Մասթըր» Գոզէթ Պասպուսին մասնակցեցան սոյն մրցաշարքին:

Առաջին եւ երկրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Էլիաս Հիտէրի եւ Նարեկ Պուլտուքեան, որոնք իրենց յաղթանակներով յատկանշական մրցանիշներ ապահովեցին ՀԵԸ-ի Taekwondo-ի մարզաձեւին մէջ տեղական եւ միջազգային մակարդակով:

Մրցաշարքի աւարտին զոյգ մարզիկները մետալներ եւ վկայագիրներ ստացան ձեռամբ Լիբանանի Taekwondo-ի Ֆետերասիոնի նախագահուհի Սոֆի Ապու Ժաուտէի եւ ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Զէյտանի:

Շնորհաւորութիւններ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մարզիկներ Էլիաս Հիտարիին եւ Նարեկ Պուլտուքեանին, իրենց մարզիչներուն եւ համայն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի շրջանակին այս պատուաբեր արդիւնքներուն համար մաղթելով իրենց նորանոր յաջողութիւններ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր