• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը եւ Խաղողօրհնէք

04.08.2014   00:26

*Զմմառ, Լիբանան* Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եւ Զմմառու վանքի անուանակոչութեան տօներուն առիթով, 12/13/14 Օգոստոսին՝ Զմմառու պատմական վանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երրօրեայ հոգեւոր կրթութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միաբան հայրեր, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ, գլխաւորութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:


Շաբաթ 16 Օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին,Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման նախատօնակին՝ տեղի պիտի ունենան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ խաղողօրհնէք, որոնց պիտի յաջորդէ հրավառութիւն վանքի զբօսավայրին մէջ:

Կիրակի 17 Օգոստոս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայրապետական Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:
Բոլոր ուխտաւորներուն համար փոխադրամիջոցները ապահովուած են: Առ այս՝ դիմել Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետներուն:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր