ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆԻ ՀԵՏ

Գրեց՝ ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.
Արեւմտահայերէնի ճակատագիրով մտահոգ լոսանճելըսահայութեան համար, Չորեքշաբթի, Մայիս 14-ի երեկոն հերթական դեղամիջոցը եղաւ երկարելու համար «Արեւմտահայերէն» կոչուող «հիւանդ»ին կեանքը: Մենք՝ գրող թէ ընթերցող, խօսող թէ լսող, մէկական բժիշկներ ենք, բուժքոյրեր ու բուժակներ, հող, ջուր եւ սնունդ հասցնողներ մեր սիրելի հիւանդին: Ան մահամերձ չէ… տակաւին: Այո, տակաւին…
Առաջնորդարանի Գալայճեան սրահին մէջ Անուշ Նագգաշեանի հետ հանդիպելու, անոր ստեղծագործութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթանալու, ջուրը աղբիւրէն խմելու օրն էր այդ երեկոն՝ կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ ու գործակցութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմին, գլխաւորութեամբ բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի: Ներկայ էին մեծ թիւով սաղիմահայեր, մտաւորական փաղանգ մը, հոգեւորականներ, միութենականներ, գրասէր լայն հասարակութիւն մը: Արարատ», ահա թէ ուր է բանաստեղծուհիին հոգին:
Օրուան հանդիսավարն էր մեր բեմերուն վարպետ Պրն. Բարսեղ Գարթալեան, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ վարեց օրուան յայտագիրը: Ներկայացնելէ ետք Երուսաղէմէն Լոս Անճելըս ժամանած բանաստեղծուհի, հասարակական գործիչ, մեծ հայրենասէր Անուշ Նագգաշեանը, հրաւիրեց ազգային-հասարակական գործիչ Պրն. Արա Ահարոնեանը, որպէսզի ներկայացնէ Նագգաշեան ազգային-հասարակական գործիչը:
Ահարոնեան անդրադարձաւ Անուշ Նագգաշեանի կեանքի հանգրուաններուն՝ Կազայէն Երուսաղէմ, Երեւան, Փարիզ եւ այսօր՝ «ջուրի ճամբու» վերածած Երուսաղէմ-Երեւան երթուղին, որ աւիշ ու կեանք կը ներարկէ բանաստեղծուհիին մէջ, իմաստաւորելով անոր կեանքը, հայ կեանքը, հայու կեանքը: Ահարոնեան անդրադարձաւ Նագգաշեանի հրատարակած գիրքերուն, Երուսաղէմի մէջ բանաստեղծուհիին հասարակական կեանքին՝ ինչպէս ՀԵՄ-էն ներս, խօսեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անոր անդամութեան եւ ազգային այն շունչին մասին, որ ի՛րն է, Անուշինն է, եւ միաժամանակ մերն է, բոլորիսն է:
Երկրորդ բանախօսն էր հանրածանօթ հասարակական գործիչ, “The Armenian Observer” շաբաթաթերթի խմբագիր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ կեդրոնացաւ բանաստեղծուհիին գրական վաստակին վրայ: Քէշիշեան մէջբերումներ կատարելով Նագգաշեանի բանաստեղծութիւններէն, նմոյշներ հրամցուց, երեւան հանելով ոճական թէ կառուցային կազմութիւնները անոր ստեղծագործութիւններուն: Իսկ թեմանե՞րը՝ հայրենասիրութիւն, սէր՝ իր ընդհանրութեան մէջ, հայ մշակոյթ, գրականութիւն, մէկ բառով՝ Արմենիզմ է Անուշի փիլիսոփայութիւնը. սէր եւ հայկականութիւն: Թէ՛ հայաստանեան ուսանողական տարիները եւ թէ անկէ ետք կատարած այցելութիւնները, քաղաքացիութիւն ստանալը, այս բոլորը կոփած են Նագգաշեանի մէջ այն հայը, սփիւռքահայը որ է ան այսօր: Իր մէջ կը տեսնենք նաեւ իգական սեռի ներկայացուցիչը մեր մտաւորականութեան, եւ Քէշիշեանի իսկ խօսքերով՝ «տառապանքներէ կ’անցնի ան, բայց կը մնայ ներող, լաւատես, համամարդկային». երկու բառով, Քէշիշեան ըսաւ՝ «Երուսաղէմ եւ
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուցին իգական սեռի ներկայացուցիչները: Նախ՝ մայր ու դուստր Սօսի եւ Սալբի Քըրքունեաններ («Երկնային Տաղեր») իրենց յատուկ զգայնութեամբ, տաւիղով ու սրինգով դիւթեցին ներկաները ժողովրդական եղանակներով: Ապա, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Տիկին Նազելի Գոճայեան խոր ապրումով ընթերցեց Նագգաշեանի «Ծաղիկները» եւ «Ըսէ» բանաստեղծութիւնները, արժանանալով մեծ գնահատանքի:
Հանդիսավար Բարսեղ Գարթալեան ընթերցեց ողջոյնի գիրը Արժ. Տէր Արշակ Աւագ Քահանայ Խաչատուրեանի եւ հրաւիրեց բանաստեղծուհիին ԵՊՀ-ի ուսանողական տարիներու սերնդակից մտաւորականներէն Յովսէփ Նալպանտեանը փոխանցելու համար սրտի իր խօսքը:
Պահը հասաւ լսելու օրուան մեծարեալ Անուշին անուշ խօսքերը: Ան իր խօսքը համեմեց կարդալով իր գործերէն, պատառիկներ ծնողքին ուղղուած նամակներէ, ինչպէս նաեւ մանկութեան տարիներու յուշեր, երեւան բերելով ի՛ր Երեւանը, ի՛ր եւ մեր Հայաստանը, երէկուան Սովետականը, այսօրուան իրականը, սրբավայր Երուսաղէմն ու հայկական Երուսաղէմը: Ամէն ինչ իր գինը ունի, իսկ սրբութիւնը անգին է, ըսաւ ան:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքով ու աղօթքով վերջ գտաւ գրական եզակի այդ երեկոն: Յովնան Արքեպիսկոպոս վեր հանեց Նագգաշեանի գրական արժանիքները եւ «Հայաստանակարօտ» բառով սահմանեց ու մկրտեց Անուշն անոր գրական վաստակը:
Անուշ Նագգաշեան Լոս Անճելըս այցելութեան այս օրերուն հանդիպումներ կ’ունենայ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան հետ, ներկայացնելով բանաստեղծութիւններու իր նոր գիրքը՝ «Ես հայ եմ», ուղղուած դպրոցական տարիքի մեր տղոց ու աղջիկներուն: Բարի կեցութիւն կը մաղթենք ազնիւ ու անուշ մեր Անուշին:
Leave a Reply
Լրահոս
-
16.09.2020
Մասնագիտական խումբը բազմակողմանի կգնահատի կորոնավիրուսի ախտորոշման
-
10.08.2020
Լիբանանի կառավարությունը պատրաստվում է հրաժարական տալ
-
10.08.2020
Սևրի պամանագիրը պատմական փաստ է, մեր պարտքն է հիշել այն, և պահպանել նրա
-
10.08.2020
Պուտինը շնորհավորել Է Լուկաշենկոյին նախագահի պաշտոնում վերընտրվելու
-
10.08.2020
Զարեհ Սինանյանը Բեյրութում հանդիպել է Լիբանանի հայկական լրատվամիջոցների
-
10.08.2020
Թեհրանի հայկական եկեղեցում հոգեհանգստի կարգ է մատուցվել Բեյրութի պայթյունի
-
10.08.2020
Սևրի պայմանագրով Թուրքիան ընդունել է երիտթուրքական կառավարության
-
10.08.2020
ՀՀ վարչապետը շնորհավորել է Ալեքսանդր Լուկաշենկոյին Բելառուսի նախագահի
-
10.08.2020
Զարեհ Սինանյանը հանդիպել է Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդի հետ
-
10.08.2020
Կոսովոյում խաղաղապահ առաքելություն իրականացնող հայկական զորախումբը հանձնել

