• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՌԱԿ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ

06.06.2014   16:17

ՌԱԿ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ

Տ. ՆԵՐՍԷՍ-ՊԵՏՐՈՍ 19-ՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

 

Երէկ առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց  Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Տ. Ներսէս 19-րդ հոգեւոր տիրոջ կողմէ: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Սեւակ Յակոբեան (ատենադպիր), եւ Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան:

20140605_120342

Մօտ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին հոգեւոր տէրը տպաւորութիւնները փոխանցեց Հայաստան իր այցելութեան մասին, ուր ան շաբաթ մը առաջ կը գտնուէր մասնակցելու կարգ մը պաշտօնական ժողովներու եւ հանդիպումներու: Այս առիթով կողմերը անդրադարձան Հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերու մասին: Հոգեւոր տէրը ինչպէս միշտ, խրատեց Հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերը վեր դասել ամէն տեսակի նեղ նկատառումներէն:

Արծարծուած նիւթերուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին Հայ երիտասարդութեան թէ Հայաստանէն եւ թէ Լիբանանէն արտագաղթի վտանգաւոր երեւոյթը: Խօսակցութիւններու կարեւոր նիւթ դարձան նաեւ ընդհանրապէս Սուրիահայութեան եւ մանաւանդ Քեսապահայութեան  եւ վերջին քանի մը օրերուն Հալէպահայութեան դիմագրաւած տագնապալի վիճակը եւ շեշտը դրուեցաւ անոնց դժուարութիւններուն հասնելու կարելիութիւններու որոնումի կարեւորութեանը վրայ:

ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատվական գործընկեր