• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Մեր Մասին / About Us

16.06.2014   07:27

Պաշտօնական Լրատուական Կայք՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ: 

Արդիակական համացանցային արուեստագիտութիւնը ինչպէս նաեւ օրէ օր աճող մեր ելեկտրոնային հասցէացանկը, որ կ՛ընդգրկէ աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրեր բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ, առիթը կուտայ  յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր գաղած հայկական լուրերը մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են հայկական լուրի, ինչպէս նաեւ ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:


 

RAG  MAMOUL

Official News Webite of the Armenian Democratic Liberal – Ramgavar – Party

 MISSION STATEMENT

Our main aim is to produce, broadcast and publish a news website the recently added headlines of which will be distributed throughout a vast network of 25,000 + qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. 

Articles from well-known authors, news and issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking.

By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) news and information, in as many languages as possible, and will endeavor to publish at least one article per day at the minimum.

This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and published online in a visually simple, user friendly, easy to read and attractive format.

Share Button

Լրատվական գործընկեր