ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան հանդիպում մը ունեցան ՍԴՀԿի կեդրոնական գրասենեակին մէջ։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու վերջին ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ կատարուող մտահոգիչ անցուդարձները: Խօսակիցները մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակին նկատմամբ: Կողմերը ընդգծեցին կառավարութեան մը շուտափոյթ կազմութեան կարեւորութիւնը, որ համահունչ պէտք է ըլլայ ժողովրդային արդարացի պահանջին հետ, որն է ունենալ արհեստավարժներէ կազմուած նախարարաց խորհուրդ մը, որ ի վիճակի ըլլայ երկիրը դուրս բերել տնտեսական ներկայ այս անել ճգնաժամէն:
ՍԴՀԿի եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչները միասնաբար արծարծեցին նաեւ Լիբանանահայութեան մտահոգութիւններն ու յոյզերը: Ժողովականները հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարրերուն միասնականութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ սեպեցին եւ առ այդ, նման հանդիպումներ անհրաժեշտ նկատեցին, միասնաբար եւ համակարգուած կերպով ծրագիրներ մշակելու եւ գործադրութեան դնելու համար: