«ՌԱԿ Հաւատարիմ Իր Հարիւրամեայ Ուղեգիծին Միշտ Զօրավիգ Է Մայր Հայրենիքին». Ընկ. Տոքթ.Ռաֆֆի Պալեան

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը Հանդիպեցաւ ՀՀ Վարչապետին Հետ

ԱՄՆ աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպեցած է ՌԱԿ Ամերիկայի Արեւմտեան  ափի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութեան հետ զորս կը գլխաւորէր Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան:

Ողջունելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի Արեւմտեան ափի ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները, ՀՀ վարչապետը նշած է. «Յարգելի գործընկերներ, յարգելի պարոն Պալեան, շատ ուրախ եմ այսօրուայ հանդիպման համար։ Սա շատ լաւ առիթ է՝ Լոս Անճելըսում հանդիպել, քննարկել։ Իհարկէ, այսօր մենք հանդիպելու, քննարկելու մի քանի առիթներ կունենանք։ Մենք բարձր ենք գնահատում ձեր կազմակերպութեան դերն ընդհանրապէս հայապահպանման գործում՝ Հայաստանի Հանրապետությունում, նրա տարածքից դուրս»։

Իր կողմէ ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան ողջունած է Հայաստանի վարչապետին՝ նշելով. «Մեծարգոյ պարոն վարչապետ, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ղեկավարութեան անունով Ձեզի կը ցանկանանք բարի գալուստ մաղթել Լոս Անճելըս քաղաք եւ շնորհաւորել Անկախութեան տօնի 28-րդ տարեդարձի առթիւ։ Մենք շնորհակալ ենք այս առիթին համար։ Մեր կուսակցութիւնը, որ հարիւրամեայ հայ աւանդական կուսակցութիւն է, իր գործունէութիւնը նաեւ իրականացուցած է Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին՝ յատկապէս Ֆրեզնոյի եւ Լոս Անճելըս քաղաքներուն մէջ։ Այդ հայրենանուէր գործունէութիւնը կը շարունակենք մենք այսօր, եւ մենք միշտ զօրավիգ ենք մայր հայրենիքին»։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են  Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման, ՀՀ զարգացման գործընթացներուն մէջ Սփիւռքի լիարժէք ներգրաւմանը վերաբերող հարցեր։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *