ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնն ու Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին տեսակցութիւն մը ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին «Զարթօնք»-ի աշխատակիցներ՝ Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեան, Ճենի Գրիգորեան եւ Քրիսթինա Աղալարեան:
Հանդիպումը առիթ մըն էր Վեհափառ տիրոջ հետ քննարկելու ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ իրեն համար սրտամօտիկ լիբանանահայ համայնքի առօրեայով:
Վեհափառ Հայրապետը յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձաւ «Զարթօնք»-ին: Ան մեծապէս գնահատելով թերթի դերը, ուժ եւ կորով մաղթեց անոր խմբագրութեան եւ աշխատակիցներուն:
Հանդիպումը առիթ մըն էր երախտագիտութիւն յայտնելու Վեհափառ Հայրապետին, իր շնորհիւ Էջմիածնի մէջ տարուող շինարարական աննախընթաց աշխատանքներուն համար, որուն որպէս արդիւնք Էջմիածնայ Մայր Աթոռը օրէ օր աւելի եւս կը բարեզարդուի ու աշխարհագրական տարածութեամբ կ՛ընդլայնուի, դառնալով աշխարհի ուշադրութեան արժանի քրիստոնէաշունչ յատուկ վայր մը:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մըն էր վերանորոգելու եւ առաւել ամրապնդելու ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակի աւանդական եւ անսակարկ հաւատարմութիւնն ու խորին յարգանքը հանդէպ Մայր Աթոռին եւ անոր գահակալին, որ կը դրսեւորուի` «Զարթօնք»-ի Սփիւռքի մէջ Մայր Աթոռին դրօշակակիրը հանդիսանալով:
Աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառը տոկունութիւն, ամուր կամք եւ յարատեւութիւն մաղթեց պատուիրակութեան եւ իրենց միջոցաւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակին եւ «Զարթօնք»-ի ընտանիքին, իր օրհնութիւնը շնորհելով անոնց: