Տեղի Ունեցաւ Պէյրութ Ա. Ընտրաշրջանի Ընտրութիւններու Համակարգումի Ժողով

Յառաջիկայ Մայիս 6-ի Երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումին ծիրէն ներս Թէքէեան Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ համակարգումի ժողով մը Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ընտրապայքարին նուիրուած: ՌԱԿ Ընտրական Գերագոյն Մարմնի անդամներուն կողքին ժողովին ներկայ եղան նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կարգ մը անդամներ եւ  Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի երկու թեկնածուները:

Որոշուեցաւ աշխատանքները բազմապատկել ու համակարգել հասնելու համար լաւագոյն արդիւնքներու յօգուտ ՌԱԿ-ին:

Մեթնի ընտրատարածքի ընտրութիւններու գծով համապատասխան մարմինը իր ժողովը պիտի գումարէ յաջորդիւ, ներկայութեամբ ՌԱԿ-ի Մեթնի թեկնածուին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *