ՌԱԿ եւ Լիբանանեան Ուժեր Համաձայնագիր Ստորագրեցին

Երէկ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանի Մաարապի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան նախագահ Տոքթ. Սամիր Ժաաժայի հետ:

Հանդիպումը պտուղն էր շրջանէ մը ի վեր ՌԱԿ-ի եւ Լիբանանեան Ուժերու միջեւ  լուսարձակներէ հեռու ընթացող բանակցութիւններու եւ քննարկումներու, որուն արդիւնքով  երէկ երկու կողմերը ստորագրեցին իրենց յարաբերութիւնը կարգաւորող քաղաքական եւ ընտրական համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ երկու կուսակցութիւնները ապագային պիտի համագործակցին ի մասնաւորի 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

         ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *