Միրաքի Դեկտեմբերը

3 Դեկտ. 2017

Ի՞Նչ, Ի՞Նչպէս, Ինչո՞Ւ, . Բացատրողական Խաղերու Կիրակին

 

«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական Շարժման 3 Դեկտեմբեր 2017-ի կիրակնօրեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ «Թէքէեան» կեդրոնէն ներս: «Միրաք»-ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան «Միրաք»-ականներուն հետ քննարկեց շարժումի ապագայ ծրագիրներուն մասին: Շեշտը դրուեցաւ առանձնապէս նոր տարուան միջոցառման վրայ: Այնուհետեւ «Միրաք»-ականները բաժնուեցան երեք խումբի՝ մասնակցելու համար աւագ «Միրաք»-ականներու կողմէ պատրաստուած խաղերուն: Մրցումը կը բաղկանար տրամաբանութեան եւ երեւակայութեան զարգացման նպաստող բացատրողական խաղերէ:

 Աշխոյժ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ երեք խումբերը մրցեցան եւ յաղթողները պարգեւատրուեցան յատկանշական նուէրով մը:

Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան յաջորդ Կիրակի օրուան հաւաքին համար «Միրաք»-ականներուն խոստացաւ, որ պիտի ուրախացնէ յատկապէս դերասանական հակումներ եւ այդ ուղղութեամբ մասնագիտանալու նախասիրութիւն ունեցողներուն:

 

10 Դեկտ. 2017

«Միրաք»-Ի Հիւրն Էր Դերասան Ստեփան Շահինեան

 

Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2017-ին «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական Շարժումի կիրակնօրեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ «Թէքէեան» կեդրոնէն ներս:

 Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի նախորդ Կիրակի օրուան «Միրաք»-ին տուած խոստումին համաձայն՝ ուրախանալի անակնկալ կը սպասէր «Միրաք»-ականներուն: Պատանի-ուսանողներու ուրախութիւնը շատ մեծ եղաւ, երբ իմացան, որ այդ անակնկալը հայրենի վաստակաւոր դերասան Ստեփան Շահինեանի «Միրաք» հիւր գալն էր:

Հանդիպման ժամանակ «Միրաք»-ականները առիթ ունեցան դերասանին մասին իրենց հետաքրքրող հարցեր տալ եւ պատասխաններ ստանալ, որմէ ետք դերասանական գործնական փորձեր եւ հրահանգներ կատարեցին՝ ներկայացնելով տարբեր իրավիճակներու մէջ դերերով հանդէս գալու եւ իրենց յուզական աշխարհը արտայայտելու կարողութիւնները:

Դերասան Ստեփան Շահինեան, տեսնելով թատրոնի արուեստի հանդէպ «Միրաք»-ականներու հետաքրքրուածութիւնը, խոստացաւ անոնց հետ փոքրիկ ներկայացում մը պատրաստել, որպէսզի յառաջիկայ Յունուար ամսուն հանդիսութեամբ մը ներկայացնեն ծնողներուն եւ հանրութեան:

Նշենք, որ Ստեփան Շահինեան ծնած է 7 Մարտ 1953-ին Երեւան: Որպէս դերասան՝ 1975-80 թուականներուն աշխատած է Երեւանի Մնջախաղի պետական, 2006-11 թուականներուն` «Մեթրօ» թատրոններուն մէջ: 1980-էն սկսեալ կ’աշխատի Հ. Մալեանի անուան կինոդերասանի, 2013-էն` Է. Էլբակեանի անուան Խամաճիկներու պետական թատրոնէն ներս: Հիւրախաղերու բերմամբ ներայ եղած է բազմաթիւ երկիրներ՝ Գերմանիա, Ֆրանսա, Պուլկարիա, Ռումինիա եւ այլուր, մասնակցած է տարբեր փառատօններու: 2001-11 թուականներուն աշխատած է ՀՀ ոստիկանութեան մշակոյթի տան հետ: Նկարահանուած է «Ընկեր Փանջունի» (1993) ֆիլմի, «Վերադարձ», «Կեանքի գինը», «Ընտրեալները», «Անծանօթը», «Դժուար ապրուստ», «Հարազատ թշնամի» եւ այլ հեռուստաշարերու մէջ:

 

17  Դեկտ. 2017

«Միրաք»-ը Մեծ Յոյսերով Կը Պատրաստուի

Դիմաւորելու 2018-ն

«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական Շարժման Կիրակի 17 Դեկտեմբեր 2017-ի հաւաքին տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր:

 «Միրաք»-ականներու կիրակնօրեան նուիրուած էր Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առթիւ ձեռային աշխատանքներ պատրաստելուն: Անոնք կերպասով, ապակեայ ամաններով, զարդերով եւ կպչուն նիւթերով անցան աշխատանքի եւ պատրաստեցին իւրօրինակ մոմակալներ:

Այս շաբթուան ծրագրին, «Միրաք»-ի ձեռայիններ պատրաստելու գործին իր օժանդակութիւնը բերաւ Տիկ. Ռիթա Մագսուտեան Շատեանը, որ համբերութեամբ հսկեց եւ օգնեց պատանիներուն ամբողջացնել իրենց գործը:

 Հաւաքին ներկայ էր նաեւ դերասան Ստեփան Շահինեանը, որ նոր գոյացած թատերական խումբին հետ շարունակեց փորձերը: Ինչպէս նախապէս նշուած էր, Պրն. Շահինեանի ջանքերով եւ «Միրաք»-ի պատանիներու մասնակցութեամբ պատրաստուող ներկայացումը պիտի ցուցադրուի 2018-ի Յունուար ամսուն:

 

24 Նոյ., 2017

«Միրաք»-ականները Ցնծութեամբ Դիմաւորեցին 2018-ն

«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի Ամանորեայ խրախճանքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին «Թէքէեան» Կեդրոնէն ներս հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ:

«Միրաք» պասքեթպոլի ակումբի անդամները եւս անմասն չմնացին տօնական ցնծութիւններն ու բերկրանքը վայելելէ եւ իրենց ծնողներուն հետ միացան խրախճանքին:

Տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ «Միրաք»-ի տօնածառի պատրաստութեամբ, ուր իւրաքանչիւր «Միրաք»-ականի պատրաստած նոր տարուան մաղթանքի բացիկները իրար կողք դնելով՝ պատրաստուեցաւ շատ իւրայատուկ եւ բարի խօսքերով լուսաւորուած տօնածառ մը:

Ներկաներուն բարի գալուստի խօսքով ողջունեց եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը:

«Միրաք»-ի տօնը անմոռանալի եւ ցնծուն դարձուցին տօնախմբութեան անակնկալ կերպով միացած կաղանդ պապայի եւ ձիւնանոյշի մասնակցութիւնը, որոնք իրենց տօնական ծրագրով եւ խաղերով ստեղծեցին խանդավառութիւն եւ ջերմ մթնոլորտ։ 

«Միրաք»-ի պատանի-ուսանողները միասնաբար խաղցան, պարեցին, հիւրասիրուեցան եւ նուէրներ ստացան: Նուէրներ ստացան նաեւ խաղերուն առաջնութիւն շահող անդամները, որոնց նուէրները տրամադրուած էին Ընկ. Յակոբ Պըլըխեանի #SPORT մարզական հագուստի խանութ-սրահի կողմէ:

 «Միրաք»-ականները անմոռանալի պահեր ապրեցան եւ բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին 2017-ին:

Բարի Ամանորի ջերմ մաղթանքներով հաւաքոյթը հասաւ իր աւարտին։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *