Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս ՌԱԿ Շուշան Վարդենի ակումբի վարչութիւնը չմոռցաւ մեր փոքրիկները:
Արդարեւ, 25 Դեկտեմբեր 2016-ին, ՌԱԿ Շուշան Վարդենի Ակումբի բարեկամուհիներն ու բարեկամները իրենց զաւակներով եւ թոռներով փութացած էին Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն՝ միասնաբար երգելու ու պարելու եւ ուրախ ժամանակ անցնելու Կաղանդ Պապուկին հետ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՌԱԿ Շուշան Վարդենի ակումբի ժրաջան ատենապետուհի ընկերուհի Մակի Մարկոսեանը՝ իր խօսքը ուղղելով հիւրերուն եւ փոքրիկներուն: (Խօսքը կու տանք առանձին):
Ապա՝ Բարեւ Փոքրիկներ խումբը երգերով ու զանազան խաղերով ուրախացուց փոքրիկները:
Աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ անմոռանալի պահեր ապրելէ ետք՝ փոքրիկներուն եւ մեծերուն ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին Կաղանդ պապուկի գալուստով, որ նուէրներ բաժնեց բոլորին:
Շնորհակալութիւն այս ձեռնարկը պատրաստող ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ՝ ներկայ գտնուող ծնողներուն: Շնորհակալութիւն Լիբանանհայ Բժշկական Միութեան Վարչութեան, Ինթրպրէնտ (Լիպիս) Հաստատութեան եւ Բարեւ Փոքրիկներ Խումբին:
Քաջալերելով ՌԱԿ Շուշան Ակումբի Վարչութիւնը եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ՝
Ընկ. եւ Ընկհ. Կարապետ եւ Յասմիկ Պապհէքեան 500,000 լ.ո.
Ընկ. եւ Տիկ. Յակոբ եւ Անի Գասարճեան 200 ամ. տոլար
Ընկ. Տոքթ եւ Տիկ. Աւետիս եւ Եւա Տաքէսեան 100 ամ. տոլար
Ընկհ. Անի Լաչինեան Մակարեան 100 ամ. տոլար