ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման՝ Կիրակի 18 Դեկտեմբեր 2016-ի հաւաքին դարձեալ տօնական տրամադրութիւններ կը տիրէր: Նկատի ունենալով, որ Ամանորին համրուած օրեր մնացած են, այս տօնին կը պատրաստուին նաեւ «Միրաք»ի անդամները, Ամանորեայ ձեռային զարդեր պատրաստելով: «Միրաք»ի պատանիներուն հետ ձեռային աշխատանքը իրականացուցին ընկերուհիներ՝ Մակի Սողիկեան, Ռիթա Մագսուտեան-Շատեան եւ Անի Յակոբեան, որոնք համբերութեամբ հսկեցին եւ օգնեցին պատանիներուն, որպէսզի յաջողութեամբ ամբողջացնեն իրենց գործը:
Թէքէեան կեդրոնէն ներս հաւաքուած պատանիները երգով եւ բարձր տրամադրութեամբ իրենց աշխատանքները կատարեցին, ստեղծելով լիարժէք տօնական տրամադրութիւն: