Ընկհի. Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեան Իր Խօսքով Ու Պարով Խանդավառեց «Միրաք»ականները

Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր  2016-ին, ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման կիրակնօրեայ հաւաքի հիւրը եղաւ Նիւ Եորքէն ժամանած, «Շուշի» պարախումբի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Ընկհի. Սեդա Փասքալեան -Գանթարճեանը:

«Շուշի» պարախումբի հիմնադիր Ընկհի. Սեդան, որ աշխատանքային այցով մը կը գտնուէր Երեւան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 110-ամեակին նուիրուած «Հոգիս» համերգին առիթով, ջերմ հանդիպում մը ունեցաւ «Միրաք» յանձնախումբի անդամներուն  հետ:

Ընկհի. Սեդայի հետ, Թէքէեան կեդրոնէն ներս,  հանդիպում ունեցան նաեւ Երեւանաբնակ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներն ու շարք մը ընկերներ, ինչպէս նաեւ «Միրաք»ի ծնողներ:

«Միրաք»ի պատասխանատու՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան նախ «Միրաք»ականներուն ծանօթացուց Ընկհի. Սեդային եւ անոր գործունէութեան մասին, այնուհետեւ խօսք առաւ օրուան հիւրը:

Պատմելով 25 տարիներու անխոնջ աշխատանքի եւ նուիրումի արդիւնք հանդիսացող 110 անդամներէ բաղկացած «Շուշի» պարախումբի մասին, Ընկհի. Սեդա շեշտեց, թէ որոշ մարդոց համար երբեմն հոգեկան բաւարարուածութիւնը աւելի գերադաս է, քան նիւթականը եւ այդ էր «Շուշի»ի յաջողութեան եւ վերելքի գրաւականը. ան պատմեց, թէ ինչպիսի զոհողութիւններով եւ դժուարութիւններով ԱՄՆ-ի նման շրջանի մը մէջ, հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ օտար ափերու մէջ իրենց առօրեան կ’ուզեն հարստացնել հայկական մշակոյթով, պարով ու երաժշտութեամբ եւ այդ հայաշունչ մթնոլորտը իրենց կ’ապահովէ «Շուշի»ն:

Ընկհ. Սեդան «Միրաք»ի յանձնախումբին յանձեց Նիւ Եորքէն իրեն հետ բերած՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեանի կողմէ նուիրուած (լուսարձակ ) projector  մը, որու շնորհիւ անոնք առիթ ունեցան պաստառի վրայ դիտելու «Շուշի» պարախումբի քանի մը պարերը: «Միրաք»ականները ծափողջոյններով շնորհակալութիւն յայտնեցին Ընկ. Մկրտիչեանին:

«Միրաք»ի անդամներէն Վահէ Գալոյեան, որպէս շնորհակալութիւն, երգ մը նուիրեց օրուան հիւրին, իսկ Սոնա Ալեքսանեան, այս հաճելի հանդիպման իբրեւ յիշատակ՝ Ընկհ. Սեդային  նուիրեց «Միրաք»ի տարազը:

Նախքան հանդիպման աւարտը, «Միրաք»ի անդամներու ցանկութեամբ, Ընկհի. Սեդան պարի ուսուցման գործնական փորձ մը կատարեց խումբին հետ, որմէ ետք բարձր տրամադրութեամբ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ «Միրաք»ականները շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հիւրին եւ բարի ճանապարհ մաղթեցին, դարձեալ հանդիպելու յոյսով:

20161204_122750

20161204_133141

20161204_133456

IMG-20161206-WA0000

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *