Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակի առթիւ Հայաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիոյ Նահապետեան հանդիպում մը ունեցաւ Հայրենաբնակ Ռամկավար ԱզատականԿուսակցութեան անդամներու հետ: Հանդիպումը կայացաւ Երեւանի Թէքէեան կեդրոնի ՌԱԿ-ի նոր գրասենեակը:
Հանդիպման ընթացքին Ընկ. Ատենապետը անդամներուն ներկայացուց այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումները, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան վերջին շրջանի տարած գործունէութիւններն ու յառաջիկայ ծրագիրները: Քննարկուեցան նաեւ ՌԱԿ-ի Երեւանի նոր գրասենեակէն ներս տարուելիք աշխատանքները:
Ընկ. Սերխիոյ Նահապետեան ՌԱԿ ԿեդրոնականՎարչութեան անունով ողջունեց վերջին ամիսներուն Երեւանի մէջ սկիզբ առած ՌԱԿ Միրաք Պատանեկան-Ուսանողական շարժումին աշխոյժ գործունէութիւնը՝ յայտնելով իր գնահատանքն ու աջակցութիւնը: