Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի

Յուլիս 31-ի Կիրակի յետ միջօրէին ընդունելութիւն մը տրուեցաւ ի պատիւ ՌԱԿ կեդրոնական նորընտիր վարչութեան ատենապետ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին, Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի Արմենական Յովսէփեան ակումբի կողմէ:  Մեր յարգելի ղեկավար ընկերոջ կ’ընկերակցէր սոյն վարչութեան փոխ ատենապետ ընկ. Էօժէն Քարաճեան:  Անոնք մեր շրջանը կ’այցելէին ազգային կարեւոր ժողովի մը մասնակցելու առաքելութեամբ:

unnamed (4)

Ընթրիքը սկսելէ առաջ հրաւիրեալները խմիչքները ձեռքերնին առիթը ունեցան զուարթ մթնոլորտի մը մէջ իրարու հետ զրուցելու եւ ծանօթանալու մեծարգոյ հիւրերուն:  Հաւաքին գլխաւոր բաժինը սկսաւ կուսակցութեանս քայլերգով, որմէ վերջ իր բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Արմենական Յովսէփեան ակումբի ատենապետ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Նորայր Մկրտիչեանը:  Ան ներկաներուն բարեգալուստ մաղթելէ ետք, բոլորին կողմէ շնորհաւորեց ընկերներ Սերխիօն եւ Եուճինը իրենց ընտրութեան առիթով, եւ ապա ներկայացուց զիրենք:

Ընկ. Ս. Նահապետեան կու գայ արժանթինաբնակ ազգասէր եւ ազգանուէր ընտանիքէ մը:  Ան պատանի տարիքէն սկսած է ծառայել իր ազգին, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի միջոցաւ:  Իր հայրը՝ ընկ. Նահապետ Նահապետեան Պուէնոս Այրէսի մէջ հիմնած է Արժանթինի ՌԱԿ-ը, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը:

1989-1993 տարիներուն Սերխիօ Նահապետեան զանազան պաշտօններ վարած է Պուէնոս Այրէսի կառավարութեան տարբեր բաժիններուն մէջ, մասնաւորաբար պաշտպանութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներէն ներս:  2005 թուականէն ի վեր ան անդամ է Պուէնոս Այրէսի երեսփոխանական ժողովին:   Իսկ 2010 թուականէն ի վեր ան գործադիր տնօրէնն է սոյն քաղաքին իրաւապաշտպանութեան:  Կառավարական այս աշխատանքներու առընթեր ան պատասխանատու պաշտօններ վարած է նաեւ «Դեմոկրատական Միութիւն» տեղական կուսակցութենէն ներս, շրջան մը ըլլալով անոր նախագահը:

Ան իր վերոյիշեալ գործունէութեանց խողովակով ստեղծած լծակները օգտագործելով մեծ դեր խաղցած է Արժանթինի կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութիւնը ընդունուելու գործին մէջ:

Ընկ. Նահապետեան գործունեայ անդամ մը եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, որոշ ժամանակ մը վարելով անոր Երիտասարդական Ընկերակցութեան նախագահի պաշտօնը:  Ան եղած է նաեւ ՌԱԿ-ի Հարաւային Ամերիկայի շրջանային վարչութեան ատենապետ, տնօրէն Սարդարապատ հայկական շաբաթաթերթին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ Արժանթինի թեմի վարչական հաստատութեան քարտուղար եւ Պօղոս Արզումանեան հիմնադրամի փոխնախագահ:

Ան պարգեւատրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ Ներսէս Շնորհալի շքանշանով, ՀՀ նախագահի կողմէ Մովսէս Խորենացի շքանշանով, Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Պօղոս Նուպար շքանշանով, Սուրիոյ ԹՄՄ-ի կողմէ պատուոյ շքանշանով եւ Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի պատուոյ անդամի կոչումով:

IMG_5721

Ընկ. Մկրտիչեան իր բացման խօսքը աւարտելէ ետք հրաւիրեց ՌԱԿ կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր ատենապետը որ իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:

Ընկ. Ս. Նահապետեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ մեր կուսակցութիւնը միշտ եղած է մեր հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին կողքին:  Առանց մեր հայրենիքին գոյութեան եւ հզօրացման, հայութիւնը ի վերջոյ դատապարտուած է կորուստի:  Այս պատճառով ալ, հակառակ մեր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող անբարենպաստ պայմաններուն, որոնք անպայման որ կը կարօտին բարեփոխումներու, պէտք է շարունակենք միշտ օգնել մեր հայրենիքին, որպէսզի ան չենթարկուի այն տխուր ճակատագրին, որուն ենթարկուեցաւ առաջին հանրապետութիւնը:

Ան շեշտեց կարեւորութիւնը նոր սերունդին ներառման՝ մեր ազգային կեանքէն ներս, նոր աւիւն ներարկելու մեր շարքերուն մէջ:  Առաւել եւս ան թելադրեց  որ քաջալերենք զանոնք  մաս կազմելու իրենց ապրած երկիրներուն քաղաքական կեանքէն ներս, իրենց այդ ձեւով ձեռք ձգած լծակները կարենալ օգտագործելու յօգուտ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Ընկ, Նահապետեան շարունակեց իր խօսքը, արտայայտելով այն գաղափարը,  թէ հասարակական կեանքին մէջ միշտ կ’ըլլան տարակարծութիւններ եւ եսասիրութեան որպէս արդիւնք՝ բախումներ:  Ան ըսաւ թէ պէտք է անկարելին կարելի դարձնենք յաղթահարելու համար նման դժուարութիւնները:  Ամէն մարդ գործ մը կրնայ ընել, եւ պէտք է առիթը տրուի անոնց որպէսզի կատարեն իրենց ներդրումը ի շահ իրենց պատկանած կազմակերպութեան:

unnamed

Ան մատնանշեց թէ մեր կուսակցութիւնը միակն է աւանդական կուսակցութիւններուն մէջ, որ ձախակողմեան չէ:  Երբ 25 տարի առաջ տապալեցաւ համայնավարութիւնը եւ Հայաստանը անկախ պետութիւն դարձաւ, մենք քսանչորս երեսփոխան ունէինք:  Դժբախտաբար ներկայիս ոչ իսկ մէկ երեսփոխան ունինք:  Ասոր յանձանքը մերն է եւ մեզի արտօնուած չէ նոյն սխալները կրկնել:  Ըլլայ սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, ժողովուրդին ութսուն առ հարիւրը մեզի պէս կը մտածէ մեր գաղափարները կը կիսէ եւ մեր պարտականութիւնն է պէտք եղած առաջնորդութինը տալ այս ժողովուրդին, մոռնալով մեր անձնական ճղճիմ հաշիւները:

Ընկ. Նահապետեանի խօսքէն ետք կերուխումը շարունակուեցաւ ընկերական ուրախ մթնոլորտի մը մէջ:  Երեկոն փակելէ առաջ եղաւ կարճ հարց ու պատասխանի ժամանակամիջոց մը:

ՌԱԿ-ը հպարտ պէտք է զգայ, որ այսպէս գերագոյն ղեկավար ունի՝ փորձառու, արհեստավարժ դիւանագէտ եւ ազգանուէր հայորդի մը:

Նշենք, որ օր մը առաջ Նիւ Ճըրզիաբնակ վաստակաւոր ընկերուհի Արփի Անդրէասեան-Արսլանեան իր տան մէջ մտերմիկ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր ի պատիւ հիւրին:

ՏԻՐԱՑՈՒ
Նիւ Ճըրզի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *