Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը Ի խորոց սրտի կը սգայ մահը Ընկեր Երուանդ Պապայեանին Որ տեղի ունեցաւ 2014 թուականի Օգոստոսի 6-ին:
Ընկեր Երուանդ Պապայեան համակ աշխարհատարածքով իր ետին կը թողու հայ լեզուի եւ մշակոյթի կրթական հնոցէն շրջանաւարտ հոյլ մը ազգային ոգիով եւ մշակոյթով կերտուած հայորդիներ, որոնք այսօր կը շարունակեն ընկեր Պապայեանի հայրենասիրական ոգիով սնած իրենց ազգային առաքելութիւնը :
Ընկեր Երուանդ Պապայեանի կեանքը եղաւ հայ ազգի նորահաս բեղուն եւ արգասաբեր սերունդներու կերտումով:
Ան եղաւ բազմավաստակ կրթական մշակ, հայ ազգային –հասարակական գործիչ, գաղափարի նուիրեալ եւ երկարամեայ հաւատաւոր կուսակցական անդամ վարելով ղեկավար դիրքեր:
Այս տխուր առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ իր տիկնոջ՝ Ռոզինին, զաւակներուն, թոռներուն, ծոռերուն եւ համայն հարազատներուն:
Այսօր, կը տապալէր Հայ լեզուի եւ մշակոյթի կաղնիներէն մին՝ ընկեր Երուանդ Պապայեանը:
Բիւր յարգանք իր յիշատակին: