*ԼԻԲԱՆԱՆ* Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Ազատական (Ահրար) կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր ընդունեցաւ անոր նախագահ՝ պետական երեսփոխան Տորի Շամուունին կողմէ:
ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Ճէքի Տէրվիշեան, Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան, Արտեմ Նանէճեան, ինչպէս նաեւ Պետական նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ կողմերուն արծարծելու Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցեր: Ազատական Կուսակցութեան Նախագահ՝ Տորի Շամուուն կարեւոր նկատեց նման հանդիպումներն ու համագործակցութիւնը ազատական սկզբունքներու շուրջ գաղափարակից երկու կուսակցութիւններուն միջեւ: Իր կողմէն ընկեր Վայէճեան շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար կարեւորութեամբ ընդգծեծ երկու կուսակցութիւններուն գործակցութեան կարեւորութեանը վրայ ինչ կը վերաբերի լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն:
ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ