*ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆ*
Թանկագին այցելու «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջին,
Հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան ժամանակակից միջոցները եւ համացանցը մուտք գործած են նաեւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառները:
Այժմ յաջողութեամբ կը գործեն հայկական կազմակերպութիւններու եւ հայ մամուլի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու սեփական կայքէջեր: Հարուստաւանդոյթներով ՌԱԿ-ը իր կարգին եւ իր աշխարհատարած մամուլը, մօտիկ անցեալին, ունեցած են եւ ունին համացանցի կայքէջեր: «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը ինքնին՝ աւելի քան ութ տարիէ ի վեր համացանցային, սակայն իր դասական ձեւով մինչեւ օրս եւ անխափան՝ ամէն օր հասցուած է շուրջ 25,000 ելեկտրոնային հասցէներու: Սակայն միշտ ալ պէտքը զգացուած է աւելիին, համապարփակին եւ վերոյիշեալները համադրող ու հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ աւելի կատարելագործուած գոյացութեան:
ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, նախաձեռնելով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջը, որպէս իր պաշտօնական եւ կեդրոնացած լրատուութեան կայք, կու գայ իրականցնելու այդ գոյացութիւնը, նպատակ ունենալով հասնիլ աշխարհատարած իր շրջանակներու իւրաքանչիւր անդամի, համակիրի, հայ կեանքով եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութեամբ եւ ընդհանրապէս հայկական լուրով հետաքրքրուած ամէն ՀԱՅ մարդու: Մեր ձգտումն է աւելի մեծ լսարանի ուշադրութեան յանձնել մեր մտածումները, տեսակէտները, ազգային-քաղաքական ըմբռնումները, կուսակցական մեր խօսքը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ մտաւորականի ազատ տեսակէտը անխտիր եւ մանաւանդ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդին վերաբերող անաչառ լուրերը քանի մը լեզուով:
«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջը միջոց պիտի հանդիսանայ հաւաքական մտածողութեան ձեւաւորման եւ ամրապնդման, հեռաւոր երկիրներու մէջ ապրող եւ գործող մեր ընկերներուն եւ ընդհանրապէս հայրենակիցներուն միջեւ հաղորդակցութեան, բայց նաեւ ազգային կարեւոր իրադարձութիւններու լուսաբանման:
Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն ընկերներուն եւ համախոհներուն, որոնք նուիրուածութեամբ իրականութիւն դարձուցին մեր վաղեմի երազանքը, բարի գալուստ կը մաղթենք «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջի այցելուներուն:
Հաճելի ընթերցում ձեզի, յաջողութիւն խմբագրութեան եւ բարի երթ մեր կայքէջին:
Մայք Խարապեան
Ատենապետ
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան
I accept this is to be a great launch and am quite sure that the concept will certainly put the loyalists all around the world to be in touch for one purpose…and that’s the RAG purpose!!
I wish the best and am ready for any assistance/input that I can offer for the success of the purpose.
Regards to you and your family. Pass salutations please to all our friends and RAG-ists around the world.
Bye dear.
Hovig