«Կիլիկիա. Առիւծներու Երկիր» Երեք Ֆիլմերը Պիտի Ցուցադրուին Պէյրութի եւ Երեւանի Մէջ

Յուլիս 17-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ` «Մեթրոպոլիս էմփայր սոֆիլ» թատրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Կիլիկիա. առիւծներու երկիր» երեք պատմական ֆիլմ–ակնարկներու փակ դիտումը, կը հաղորդէ Orer.eu-ը:
Ցուցադրութեան եւ քննարկման հրաւիրուած են Լիբանանի կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ լրագրողներ:
Գաղափար-նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է «Գոհար» նուագախումբի հիմնադիր` Խաչատուրեան ընտանիքի, մասնաւորապէս լիբանանահայ բարերար Յարութ Խաչատուրեանի հովանաւորութեամբ:
Նպատակ ունենալով ամբողջ աշխարհի մէջ տարածել եւ սերունդներուն հասանելի դարձնել հայկական երաժշտութիւնն ու մշակոյթը` «Գոհար»-ը այս անգամ կը ֆիլմի միջոցով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմական փառահեղ էջերէն մէկը` Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը:
Կիլիկիոյ դրօշները, որոնք բազմիցս ծածանած են «Գոհար»-ի համերգներու ժամանակ բազմահազար հանդիսատեսի կողմէ, այժմ պիտի ծածանին պաստառէն այն կողմ` պատմական հերոսներու ձեռքով:
Երեք ֆիլմ-ակնարկները` ամփոփ գեղարուեստական մօտեցումով, հանդիսատեսին հաղորդակից կը դարձնեն Կիլիկիոյ հզօրագոյն թագաւորական ընտանիքներու երեքդարեայ պատմութեան: Հարկ է նշել, որ ֆիլմ-ակնարկները նկարահանուած են հայաստանեան «Տոմինօ Փրոտաքշըն» ընկերութեան կողմէ ` Հայաստանի մէջ: ֆիլմին բեմադրիչն է Աշոտ Առաքէլեանը:
Աշնանը ֆիլմ-ակնարկներու անդրանիկ ցուցադրութիւն տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ:
One response to “«Կիլիկիա. Առիւծներու Երկիր» Երեք Ֆիլմերը Պիտի Ցուցադրուին Պէյրութի եւ Երեւանի Մէջ”
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր


Մուտքը հրաւիրատոմսո՞վ