• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբը Հմայեց «Քիպարունա» Հանդիսութեան Ներկաները

03.07.2019   07:54

Շաբաթ, 29 Յունիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Էմիլ Լահուտի անուան   Համագումարներու Պալատին մէջ, նախկին նախարարուհի Լէյլա Սոլհի  հովանաւորութեամբ, մարդասիրական հանրածանօթ «Քիպարունա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, հոծ բազմութեան մը  ներկայութեան տեղի ունեցաւ  «Մեծ Հայրերու» օրուան նուիրուած աւանդական հանդիսութիւնը: Այս առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ամենափայլուն գնահատականները ուղղուեցան ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին:

          «Արին»ի պարման-պարմանուհիները, գեղարուեստական  ղեկավար Անի Կոստանեանի օգնական  Դալար  Փամպուքեանի ղեկավարութեամբ եւ պարախումբի  տիկնանց վարչութեան  ժրաջան անդամուհիներուն  աջակցութեամբ, յաջորդաբար կատարեց «Տըլէ Եաման» (աղջիկներ),  «Շատախ» (տղաք)  եւ արաբական  (աղջիկներ)  պարերը:

Հանդիսութեան աւարտին «Քիպարունա» հանդիսութեան կազմակերպիչ  Հանրիէթ Հատէտ  շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին փայլուն մասնակցութեան:   Ձեռնարկի   հովանաւոր  Լէյլա Սոլհ դրուատեց լիբանանահայ իրականութեան մէջ ՀԵԸ-ի  գործունէութիւնը եւ գնահատանքի յուշանուէր մը յանձնեց ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի  տիկնանց  վարչութեան ատենապետուհի Անի Պոտրումեանին  եւ  յիշատակի  նկար մը առաւ «Արին» պարախումբին հետ:

ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Գրասենեակ

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր