«Էտիրնէն եւ Հայ Համայնքը» Խորագիրով Ցուցահանդէս՝ Այժմեան Թուրքիոյ Էտիրնէ Քաղաքի Հրէական Սինակոկին Մէջ

Թուրքիոյ եւրոպական հատուածին վրայ՝ Թրակիոյ տարածքին, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի սահմանակից Էտիրնէ (պատմ.՝ Ատրիանապոլիս) քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած է ցուցահանդէս՝ նուիրուած Էտիրնէի երբեմնի հայ համայնքին։
«Էտիրնէն եւ հայ համայնքը» խորագիրով ցուցահանդէսը բացուած է Էտիրնէի մէջ գործող հրէական Մեծ սինակոկին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Ցուցահանդէսին համար, ուր ներկայացուած են լուսանկարներ եւ բացիկներ, հիմք ծառայած է ծագումով Էտիրնէէն հայ Առաքելեան ընտանիքի ժառանգներէն ֆրանսաբնակ Ռոյ Առաքելեանի՝ Էտիրնէի հայերուն վերաբերող աշխատութիւնը։
Ռաքէլ Մեշուլամի խնամակալութեամբ իրականացուող ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են Էտիրնէի ոստիկանապետ Ալի Քեմալ Քուրթը, Էտիրնէի Հիմնադրամներու շրջանային կառոյցի ղեկավար Օսման Կիւներէնը եւ Թուրքիոյ մէջ հրէայ համայնքի նախկին ղեկավարներէն Սիլվիօ Օվատիան։
Կազմակերպիչները ընդգծած են, որ սինակոկի մէջ կը փորձեն ներկայացնել ոչ միայն հրէական՝ այլ նաեւ Էտիրնէի բազմամշակոյթ անցեալին իրենց ուրոյն տեղը ունեցած այլ մշակոյթներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ։ Յատկանշական է, որ ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Ապրիլ 28 եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրն ալ՝ Ապրիլ 24-ին, բաց պիտի ըլլայ այցելուներուն համար։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

