Թումանեան 21-րդ Դարու Քաղաքացի Է. ԿԳ Նախարարը՝ «Թումանեանագիտութեան Արդի Հիմնախնդիրները» Համաժողովին

Յովհաննէս Թումանեան Ծննդեան 150ամեակ
Այսօր կը լրանայ «ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակը:
Յովհաննէս Թումանեան (19 Փետրուար 1869, Դսեղ – 23 Մարտ 1923, Մոսկուա), հայ բանաստեղծ, արձակագիր, գրական, ազգային եւ հասարակական գործիչ։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, պոէմներ, քառեակներ, վիպերգներ, պատմուածքներ ու հեքիաթներ, ակնարկներ, քննադատական ու հրապարակախօսական յօդուածներ, կատարած է թարգմանութիւններ, մշակած է դիւցազներգութեան «Սասունցի Դաւիթ» ճիւղը։ Կոչուած է Ամենայն Հայոց բանաստեղծ։
Այսօրուայ համար պիտի բաւարարուինք հրատարակելով հետեւեալ լուրը, մեր ընթերցողներուն խօստանալով այս Շաբաթ օրուայ մեր «Շիրակ» Գրականութեան եւ Արուեստներու յաւելուածը ամբողջութեամբ նուիրել մեծ բանաստեղծին: Յաւելուածին բովանդակութեան պատրաստութեան պիտի սատարէ թերթիս բարեկամուհի Ռուբինա Օհանեան:
«Խմբ.»
ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ Փետրուար 18-ին տեղի ունեցած է «Թումանեանագիտութեան արդի հիմնախնդիրները» թեմայով գիտագործնական համաժողով` նուիրուած մեծանուն գրող, Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի յոբելեանի 150-ամեակին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ համաժողովի մասնակիցները ողջունած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը. «Երբ ստանձնեցի կառավարական յանձնաժողովի նախագահի պարտականութիւնները, կը թերթէի միջոցառումներու ծրագիրը, եւ հասկցայ, որ իւրաքանչիւր ոք զայն թերթելու ժամանակ կը գիտակցի, թէ ի՛նչ մեծ հայրենակից ունեցած ենք: Պատահական չէ, որ շատ գիտնականներ, հասարակական գործիչներ զինքը կը համարեն հայ ազգի ամենահզօրներէն մէկը»: Իր խօսքով՝ Թումանեանի ըսելիքը ուղղուած է ինչպէս երեխաներուն, այնպէս ալ երիտասարդներուն ու մեծահասակներուն: ԿԳ նախարարը, շեշտելով Յովհաննէս Թումանեանի հրապարակախօսական նիւթերու արդիականութիւնը, յաւելած է. «Այսօր Թումանեանի տուն–թանգարանի տնօրէնը ինծի ցոյց տուաւ հին տպագրութեան տուփ մը, որ կը կոչուէր աստղերու խաղ: Գիտէք, որ երեխաներուն համար Թումանեանը շարք մը խաղեր ստեղծած է, որոնք, ի պատիւ տուն–թանգարանին, կը վերականգնուին: Սա անգամ մը եւս կը փաստէ, որ Թումանեանը ամբողջութեամբ 21-րդ դարու քաղաքացի է, որովհետեւ անոնք արդիական են: Հիմա մեծ պատուով կը մտնենք յոբելենական միջոցառումներու փուլ, եւ մենք մէկ նպատակ ունինք, որ այս տօնակատարութիւնները վերածուին համազգային տօնախմբութեան»:
Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ արդէն քաղաքի ընդհանուր թումանեանական տեսքը եւ այլ միջոցառումները կը վկայեն, որ պետութիւնը այս իրադարձութեան շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ: Նախարարը նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ գիտանականներն ալ Թումանեանի վերաբերեալ իրենց ուրոյն ըսելիքը ունին, եւ որ այս համաժողովը ու անոր արդիւնքները մեծ նշանակութիւն կ’ունենան յոբելենական տարուան համար:
Մեծ գրողի կեանքին եւ ստեղծագործութեան վերաբերեալ ելոյթներով հանդէս եկած են ՀՀ գիտաուսումնական տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկայացուած է Թումանեան գրողի գրական-հասարակական գործունէութիւնը պատմագիտական առումով, իր կերպարին եւ ստեղծագործութեան արտացոլումը արուեստի բնագաւառին մէջ, Թումանեանի կապը համաշխարհային գրականութեան հետ: Միջոցառումին ներկայացուած են նաեւ ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին կողմէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին հրատարակուած գիտական աշխատութիւնները:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

