• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Գիւմրեցի Տուտուկահարները Շուշիի Մէջ Համերգ Պիտի Տան

09.02.2019   02:35

Փետրուար 22-ին` ժամը 19։00-ին, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ, պիտի կայանայ Երեւանի պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղի տուտուկահարներու համերգը։

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան պատասխանատու Մարիամ Անդրէասեան՝ ընդգծելով, որ համերգին մուտքը ազատ է բոլոր փափաքողներուն համար:

Անոր խօսքով՝ ելոյթ պիտի ունենան երիտասարդ տուտուկահարներ Կարապետ Շաբոյեան, Գէորգ Յակոբեան, Արտիոմ Պատալեան, Աշոտ Գասպարեան, ինչպէս նաեւ տհոլահար Կարէն Սարգսեան: Ծրագիրով պիտի հնչեն դասական, ժողովրդական եւ ճազ կատարումներ։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր