ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբը Հմայեց Արուեստասէր Հանրութիւնը

Լիբանանահայ մշակութային շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբի տարեկան համերգով:
ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս նուագախումբը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ան կայացած իրականութիւն մըն է լիբանանահայ արուեստի բեմին վրայ ուր ունի իր ուրոյն դրոշմը:
ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը ջանք չէր խնայած լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան հրամցնելու հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան եւ երգարուեստի հմայիչ փունջ մը:
Արդարեւ լաւապէս ընտրուած 16 երաժշտութիւններու եւ երգերու ցանկով, երաժշտական անզուգական ղեկավար Վիգէն Չալեանի համադրումով, 29 երիտասարդ երաժիշտներ շուրջ 90 վայրկեան տեւողութեամբ Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ ներկայ հանդիսատեսները հմայուած պահեցին շաբաթավերջի երկու երեկոներուն ալ:
Մանրամասնութիւններուն, ԹՄՄ Երիտասարդական նուագախումբի մասին յատուկ հաղորդում մը պիտի անդրադառնանք շուտով:
Leave a Reply
Լրահոս
-
16.02.2019
Ծծմբաթթուի Կիրարկումով Յարձակում Տեղի Ունեցած Է Փարիզի Մեթրոյին Մէջ.
-
16.02.2019
Սոչիի Մէջ Աւարտած Է Սուրիոյ Հարցերով Եռակողմ Գագաթնաժողովը
-
16.02.2019
Նիկոլ Փաշինեան Եւ Սաատ Հարիրին Համաձայնած Են Ապրիլին Գումարել
-
16.02.2019
Հայաստանի Տնտեսական Հետագայ Զարգացման Համար Կարեւոր Է Մարդու Տնտեսական
-
16.02.2019
Հայաստանը Եւ Լաթվիան Կրնան Իրարու Օգնել Եւ Իրարմէ Սորվիլ. Նախագահ Սարգսեան
-
16.02.2019
Փոմփէօ Ափսոսանք Կը Յայտնէ Վարշաւիոյ Գագաթնաժողովին Լիբանանի Բացակաութեան
-
16.02.2019
Նախարարները Կը Խոստանան Ապահովութեան Մակարդակը Բարձրացնել Պէյրութի
-
16.02.2019
«Լիբանանը Գերիշխան Է Եւ Շրջանին Մէջ Կը Ներկայանայ Որպէս Անկախ Պետութիւն Եւ
-
16.02.2019
Լեւոն Նորտիկեանի Պարգեւատրումը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի Շքանշանով
-
16.02.2019
«Ինքնաշարժ Վարելու Օրէնքներ Ու Կանոններ» Զեկուցողներ՝ Մեթնի Եղբայրներ

