Հայոց Լեզուին Նուիրուած Համագումար Փորթուկալի ՄԷջ

Ապրիլ 5-ին «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախաձեռնութեամբ` Լիզպոնի համալսարանի գիրերու բաժանմունքին մէջ (Faculdade de Letras de Universidade de Lisboa) կայացած է «Հայոց լեզուի օր» խորագիրով համագումար:
«Քանի մը ամիս առաջ հանդիպած էի Լիզպոնի համալսարանի գիրերու բաժինի տնօրէն, փրոֆէսոր Փաուլօ Ալպերթոյի հետ, որուն ներկայացուցի համագումարի գաղափարն ու որոշ մանրամասնութիւններ: Ան ողջունեց մեր նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ իրենց բաժինէն ներս շատ յաճախ տարբեր երկիրներու մշակոյթին ու լեզուին նուիրուած ձեռնարկներ կը կազմակերպուին»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախագահ Վահէ Մխիթարեան:
Համագումարէն առաջ բաժանմունքի նախասրահին մէջ կայացած է Հայաստանին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած է մեր մշակոյթը, պատմամշակութային կարեւոր յուշարձանները, որ կը բնորոշէ եւ բնութագրէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:
Համագուրը կայացած է բաժանմունքի ամենամեծ դահլիճին մէջ, ուր ներկայ եղած են համալսարանի ուսանողներ, դասախօսներ, ղեկավար մարմնի ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:
Համագումարը իր ողջոյնի խօսքով բացած է բաժինի փոխտնօրէն, փրոֆէսոր Ժուաու Տիոնիզիոն: Վերջինս իր ելոյթին մէջ ընդգծած է նման ձեռնարկի կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը:
«Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախագահ Վահէ Մխիթարեան իր ելոյթին ժամանակ ներկայացուցած է միութեան աշխատանքները եւ խօսած ապագայ ընելիքներուն մասին:
Համագումարը վարած է «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» հիմնադիր անդամ Լիա Խաչիկեան, որ Լիզպոնի մէջ փորթուկալերէն լեզուի ու մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղի:
«Փորթուկալացի ներկաներուն բաւականաչափ ընդհանրական ու հնարաւորինս ամփոփիչ փորձեցի ներկայացնել հայոց լեզուն եւ մշակոյթը: Խօսեցայ հայերէնի աշխարհագրական տարածման, լեզուի պատմութեան եւ զարգացման փուլերուն, գիրերու ստեղծման, այբուբենի կազմութեան եւ յետագայ փոփոխութիւններուն, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հիմնական հնչիւնաբանական եւ բառապաշարի տարբերութիւններուն մասին: Անդրադարձ կատարեցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ առկայ բարբառներուն, ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեցի լեզուի քերականական կառուցուածքին վերաբերեալ», «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Լիա Խաչիկեան:
Համագումարին ընթացքին փորթուկալացի հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցած է նաեւ ծանօթանալու հայ ժամանակակից քննարերգութեան հետ: Հնչած են Յովհ. Թումանեանի, Յովհ. Շիրազի, Հ. Սահեանի եւ Պ. Սեւակի բանաստեղծութիւններէն քանի մը հատ:
Համագումարի աւարտին ելոյթ ունեցած է միութեան հովանիին ներքոյ գործող «Կոնսոնանսիա» լարային նուագախումբի մենակատարներէն կազմուած քառեակը` Ելենա Ռեաբովա (առաջին ջութակ), Անժէլա Յակոբեան (երկրորդ ջութակ), Ալեքսանտր Տելկադօ (ալտ), Լեւոն Մուրադեան (թաւջութակ): Հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն ու ժողովրդական մեղեդիներ:
Խօսելով յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին` «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախագահը նշեց, որ կը նախատեսեն յառաջիկային երկու համագումար իրականացնել` «Հայերը` որպէս գիտութեան եւ նորարարութեան ազգ» եւ «Հայկական միջնադարեան ճարտարապետութիւն եւ եկեղեցաշինութիւն» խորագիրներով:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

