• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Հայուհիները Աշխարհին Յայտնի են Իրենք Զիրենք Զոհաբերելու Պատրաստակամութեամբ». Մարքօ Խան

10.04.2017   08:41

Շատերու համար իւրաքանչիւր օր պէտք է տօն ըլլայ՝ նուիրուած կիներուն: Այս կարծիքը կը կիսէ նաեւ Հոլիուտի հանրածանօթ դերասաններէն՝ մեր հայրենակից Մարքօ Խանը, որ News.am STYLE-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ իր սրտի խօսքն ու յուզիչ շնորհաւորանքը ուղղած է հայ կանանց եւ մայրերուն.

«Մայրութեան եւ գեղեցկութեան այս տօնին առիթով կ’ուզեմ շնորհաւորել բոլոր հայ կիներն ու մայրերը: Հայ մայրը ընտանիքի հիմնասիւնն է: Դարեր ի վեր մեր մայրերը զոհաբերած են իրենց կեանքն ու առողջութիւնը, որպէսզի կարենան մեծցնել ուժեղ, կիրթ եւ հոգատար երեխաներ:

Աշխարհին հայուհիները յայտնի են իրենց գեղեցկութեամբ, զոհաբերելու պատրաստակամութեամբ եւ մայրական բնազդով: Անկեղծ սրտով կը շնորհաւորեմ ձեզ` հայ կանայք»,- նշած է հոլիուտեան դերասանը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր