ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ժան-Պաթիսթ Քամիլ Քորոյ

Ժան Պաթիսթ Քամիլ Քորոյ (ֆր.՝ Jean-Baptiste-Camille Corot, կրճատ՝ Քամիլ Քորոյ, 16 Յուլիս, 1796, Փարիզ– 22 Փետրուար 1875, Փարիզ)՝ ֆրանսացի դիմանկարի եւ բնանկարի վարպետ մը եղած է:
Քամիլ Քորոն ծնած է Փարիզ, 16 Յուլիս, 1796 թուականի, ապահով ընտանիքի մը մէջ՝ անոր հայրը եղած է ստեղծագործ եւ մայրը՝ նորաձեւուհի մը եւ ի տարբերութիւն իր որոշ փորձառու գործընկերներու իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ան երբեւէ փողի կարիք չէ ունեցած, քանի որ իր ծնողքը խելացիօրէն կը վարէին իրենց գործունէութիւնը[2]: Ամուսնանալէն ետք անոր ծնողքը գնած էին նորաձեւութեան տաղաւար մը, ուր իր մայրը կ’աշխատեր եւ իր հայրը կը վարպետանար որպէս ձեւարար: Տաղաւարը լայն ճանաչում ունէր նորաձեւասէր փարիզցիներու շրջանին եւ լաւ եկամուտներ կ’ապահովեր ընտանիքին:
Նկարչի ստեղծագործութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է 1825-28 թուականներուն Իտալիա կատարած ճամբորդութիւնները: Աւելի ուշ ան հոն վերադարձած է եւս երկու անգամ՝ 1834-ին եւ 1843-ին: Քորոն նաեւ եղած է Պելճիքա եւ Նետերլանտներ, կանոնաւոր այցելութիւններ ըրած է դէպի Զուիցերիա: Նաեւ շատ ճամբորդած է Ֆրանսային մէջ՝ Նորմանտիա, Պուրկունտիա, Փրովանս, Իլ տէ Ֆրանս:
Ազդեցութիւն ունեցած է զգայականներուն վրայ, անձամբ ծանօթ եղած է անոնցմէ որոշներուն հետ: Ստեղծած է երեք հազարէն աւելի նկարներ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

