ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Արշակ Չօպանեան

Արշակ Չօպանեան (15 Յուլիս 1872, Բեշիքթաշ, Իսթանպուլ — 8 Յունիս 1954, Փարիզ), հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ։
Ծնած է Պոլիս, Ակնցի ծնողներէ։ Յաճախած է Կեդրոնական վարժարանը, ուր ուսուցիչ ունեցած է գրագէտներ (ինչպէս՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը)։
Դեռ պատանի կը մօտենայ «Արեւելք» օրաթերթի շրջանակին եւ լոյս կ՛ընծայէ թարգմանութիւններ՝ ֆրանսացի իրապաշտ գրագէտներէ։
Պահ մը ուսուցչութեամբ եւ հրապարակագրութեամբ զբաղելէ ետք, շուտով (1893) կը մեկնի Փարիզ, ուր կը ծանօթանայ ֆրանսացի գրական դէմքերու։
Պոլիս դարձէն եւ «Ծաղիկ» գրական թերթի հիմնումէն հազիւ երկու տարի անց, համիտեան սարսափներուն՝ 1896-ին կրկին կը մեկնի Փարիզ, այս անգամ վերջնականօրէն, հոն ճգնաւորի կենցաղով ամբողջ կեանք մը անցընելու համար։
1898-ին, կը հիմնէ «Անահիտ» գրական ամսաթերթը, որուն առաջին շրջանը կը հասնի մինչեւ 1911, եւ որ իր շուրջ կը խմբէ արեւմտահայ ու արեւելահայ գրագէտ ու արուեստագէտ բազմաթիւ կարեւոր դէմքեր։ Չօպանեան կը հրատարակէ գրական լուրջ վերլուծումներ հայ հին եւ նոր գրական դէմքերու մասին (Գրիգոր Նարեկացի, Քուչակ, Խաչատուր Աբովեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Կոմիտաս…)։
Երկար ընդհատումէ ետք, «Անահիտ» երկրորդ շրջան մը կ՚ունենայ 1929-1940-ին եւ վերջին շրջան մը՝ 1946-1949-ին։
Չօպանեան եղած է կուսակցական կարեւոր գործիչ ՌԱԿը նախորդող կազմակերպութիւններու մէջ ինչպէս եւ յետագային ՌԱԿի:
Չօպանեանի ծաւալուն գրական գործունէութիւնը կը գտնէ լայն ճանաչում։ Կը տօնուին անոր յաջորդական յոբելեանները։ Կը ստանայ շքանշան՝ նաեւ «Ֆրանսական Ակադեմիա»յէն, յատկապէս թարգմանական իր գործին համար։
Մահացած է ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

