ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Գաբրիէլ Սունտուկեան

Գաբրիէլ Սունտուկեան (11 Յուլիս 1825, Թիֆլիս, Վրացական նահանգ — 29 Մարտ 1912, Թիֆլիս), հայ թատերագիր, հասարակական գործիչ։ Հայ գրականութեան մէջ ռէալիզմի սկզբնաւորողներէն մէկը։
Ծնած է Թիֆլիս առեւտրական ընտանիքի մէջ։ Ուսումը կը ստանայ նախ մասնաւոր ուսուցիչներէ, տան մէջ։ Կարճ ժամանակ մըն ալ կը յաճախէ Խ. Աբովեանի վարած դպրոցը, ապա կ՛աւարտէ պետական վարժարանը։ Բացի իրենց տան խօսակցական լեզու՝ վրացերէնէ եւ ռուսերէնէ, կը սորվի լաւ հայերէն եւ ֆրանսերէն։ 846 թուականին կ՛ընդունուի Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանի պատմա-բանասիրական բաժանմունքի արեւելեան բաժինը։ Խանդավառութեամբ կը հետեւի մայրաքաղաքի մշակութային եւ յատկապէս թատերական կեանքին։
1850-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր կը նշանակուի պետական պաշտօնեայ։ Գրեթէ ամբողջ կեանքը՝ ան պիտի չհեռանայ իր սիրելի Թիֆլիսէն ՝ վառելով պետական պաշտօնեայի եւ ընտանիքի տէր մարդու կանոնաւոր կեանք մը (ամուսնացած էր 1863։
Այս կենցաղը՝ Սունդուկեանի առօրեայ տիպարը եւ կենսագրութիւնը ընդհանրապէս, ձեւով մը անհամապատասխան են իր մշակած գրականութեան։
Լուռ եւ խորհրդապահ մարդ, ան իր մէջ պահած է իր համակրանքները եւ մերժումները, անոնցմով հարստացնելու համար իր թատերական արտադրութիւնը եւ յատկապէս իր գլուխգործոցը «Պէպօ»ն։
Այս վերջին գործը զինք դարձուցած է արեւելահայ գրականութեան իրապաշտ «Պէպօ», «Խաթաբալա»,«Ամուսին» եւ ընկերային իմաստով «Յանձնառուներ»։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

