• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Վարդան Հացունի

08.07.2020   08:43

Վարդան Հացունի, կամ Հ. Վարդան Վ. Հացունի, ի ծնէ՝ Վարդան Սոմունճեան (10 Յուլիս 1870 Պարտիզակ – 8 Յուլիս 1944), հայ բանասէր, ազգագրագէտ։

Ծնած է 1870 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի Պարտիզակ (այժմ Պահչեճիկ) հայաբնակ աւանի մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, ապա դարձած նոյն միաբանութեան անդամ։ Մօտ 40 տարի աշխատած է Մխիթարեաններու Միլանի, Կոստանդնուպոլսոյ, Վենետիկի եւ այլ քաղաքներու վարժարաններու մէջ՝ որպէս ուսուցիչ եւ տեսուչ։

Հիմնական Աշխատութիւնները կը վերաբերին հայ ժողովուրդի հին կենցաղին ու սովորոյթներուն։

  • Լուսաբանած է Հին Հայաստանիերդման առիթները, վայրերը, եղանակները եւ այլն, հետազօտած ուտեստեղէնը, վերլուծած Հայաստանի տարբեր դասերու օգտագործած ճաշատեսակները (անոնց կարգին նաեւ հոգեւոր ճաշատեսակները)։
  • Քննութեան առած է տարբեր եղած հայկական դրօշները (քաղաքացիական եւ եկեղեցական), ճշդած Արշակունեաց, Բագրատունեաց, Ռուբինեաններու, տարբեր իշխանական տուներու, զինուորական դրօշներու ձեւերը, գոյները, նշանները եւ այլն։
  • Ուսումնասիրած է Հին Հայաստանի կրթութեան, դաստիարակութեան զարգացումը։
  • Հանգամանօրէն ուսումնասիրած եւ վերլուծած է աշխարհիկ եւ եկեղեցական հանդերձներու զարգացումը, որ բաժնուած է 11 շրջանի՝ Ուրարտուէն մինչեւ 17-րդ դար։
  • Պատմութեան մէջ անդրադարձած է հայ կնոջ խաղացած դերին, լուսաբանած անոր գործունէութիւնը տարբեր ոլորտներով։

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր