• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ․ Յովհաննէս Հիսարեան

24.06.2020   08:36

Յովհաննէս Հիսարեան (24 Յունիս 1827, Կոստանդնուպոլիս — 1916, Իսթանպուլ), հայ արձակագիր, գրական, մշակութային գործիչ։

Ծնած է 1827 Յունիս 24–ին Պոլսոյ «Բումելի Հիսար» թաղը. իր հայրն էր Գէորգ Հիսարեան։ 1837–ին հազիւ ստացած կրթութեան նախատարերքը, առաջարկութեամբ՝ Հ. Գէորգ Հիւրմիզեանի, Վենետիկ կը ղրկուի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ աւարտելու համար իր ուսումը։ Հոն 6-7 տարիի չափ մնալով յաջողապէս կ՝ աւարտէ վարժարանին ընթացքը մթերելով հայերէնի, իտալերէնի, յունարէնի եւ լատիներէնի ու բոլոր գիտութեանց սկզբունքները։

1844–ին Եւրոպայէն Պոլիս վերադարձող առաջին լուսաւորութեան ջահերէն մէկը կ՝ ըլլայ, իրեն զբաղում ընտրելով՝ գրագրութեան, իսկ անոր տան մէջն ալ, ուսուցչութեան պաշտօնները կը ստանձնէ։

1845-1847-ին կ՝ աշխատակցի Տէրոյենցի եւ Աղթօնի հրատարակած Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթին՝ Հայաստանին, որուն մէջ մաս առ մաս հրատարակած Նաբոլէոնի կենաց կարճառօտ պատմութիւնը գիրքի կը վերածէ 1847–ին։

1851–ին կը սկսի հրատարակել «Բանասէր» անունով ամսաթերթ մը, որուն ուղղութիւնը, ձեւը, յօդուածներն ու լեզուն մինչեւ այսօր կը պահեն իրենց մէջ հրապոյր մը, որուն համար իրաւամբ կարելի է ըսել, թէ՝ «իր ժամանակի հրատարակութեանց ամէնէն գիտունն ու բարեկշռեալն էր»։ «Բանասէր»ի մէջ կը հրատարակէ մաս առ մաս «Խոսրով Եւ Մաքրուհի» անունով վէպը, իր ժամանակի կեանքէն առնուած ինչ որ հայ միտքին առաջին վէպերէն կարելի է համարել։ Այս վէպը 1869–ին թարգմանուած է Ֆրանսերէնի, իսկ 1903–ին կրկին հրատարակուած է շաբաթաթերթ Ծաղիկի մէջ։ 1852–ին, յաջողապէս բոլորէ յետոյ ամբողջական տարեշրջան մը, «Բանասէր»ը կը դադրի։

Այդ ժամանակները, Հիսարեան միջոց մը, տպարանատէր Քայօլի հետ կը հրատարակէ «Journal Asiatique»ը, որուն մէջ Հայերէնի համար ալ մաս մը յատկացուած էր։ 1858–ի միջոցներուն, «Բանասէր»ի վերստին հրատարակութեան փորձ մը ըրած է, սակայն միայն մէկ թիւ հրատարակուած է։ Այդ միջոցներուն գրած է՝ «Ծռախօսութիւն» անուն փոքրիկ տետրիկ մը, Տօքթ. Ռուսինեանի ուղղախօսութիւնը քննադատող։

1852-1882, երեսուն տարուան շրջանի մը մէջ, ստէպ առիթներ ունեցած է ուղեւորելու Եւրոպա եւ Կովկասեան գաւառները, ու հոն յառաջ տարած է իր ուսումնասիրութիւնները՝ հայկական բեւեռագիրներու վրայ եւ որոնց իբր արդիւնք գրած է հոյակապ աշխատասիրութիւն մը Ֆրանսերէն լեզուով, զոր դժբախտաբար անտիպ կը մնայ։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր