Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՅԱԿՈԲ Ս. ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յակոբ Ս. Անտոնեան (21 Յունուար 1887 – 4 Դեկտեմբեր 1967, Նիւ Եորք), հայ բանաստեղծ, հրապարակախօս, թարգմանիչ։
Ծնած է Կ. Պոլիս։ Ուսումը ստացած է Ռոպերթ գոլէճի մէջ։ 1906 թուականին աւարտած է գոլէճը, զբաղած է մանկավարժական աշխատանքով, ապա պաշտօնավարած է Կ. Պոլսոյ ամերիկեան դեսպանատունէն ներս։ 1916 թուականին ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկենթաուի հետ, որուն անձնական քարտուղարն էր, մեկնած է ԱՄՆ, շարունակած է ուսումը Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ։
Բանաստեղծութիւններով, յօդուածներով աշխատակցած է հայկական մամուլին («Շանթ», «Հայաստանի կոչնակ», «Հայ կին», «Անահիտ», «Նոր գիր» եւ այլն): 1920 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է իր բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն «Բիւրեղներ» վերնագրով։ Զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ, իր կնոջ՝ Ժանին Մէյի (Ժանն Անտոնեան) պատմուածքներէն մի քանին իր թարգմանութեամբ լոյս տեսած են «Հայ կին» եւ «Հայաստանի կոչնակ» պարբերականներուն մէջ։ Թարգմանութիւններ կատարած է Շառլ Պոտլերէն, Հենրի Լոնկֆելլոյէն, Շէյքսփիրէն, Վիքթոր Հիւկոյէն եւ ուրիշներէ։ Շելլիի «Պրոմեթէոս արձակած» երկը իր չափածոյ թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Արշակ Չօպանեանի «Անահիտ» հանդէսին մէջ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
16.02.2019
Ծծմբաթթուի Կիրարկումով Յարձակում Տեղի Ունեցած Է Փարիզի Մեթրոյին Մէջ.
-
16.02.2019
Սոչիի Մէջ Աւարտած Է Սուրիոյ Հարցերով Եռակողմ Գագաթնաժողովը
-
16.02.2019
Նիկոլ Փաշինեան Եւ Սաատ Հարիրին Համաձայնած Են Ապրիլին Գումարել
-
16.02.2019
Հայաստանի Տնտեսական Հետագայ Զարգացման Համար Կարեւոր Է Մարդու Տնտեսական
-
16.02.2019
Հայաստանը Եւ Լաթվիան Կրնան Իրարու Օգնել Եւ Իրարմէ Սորվիլ. Նախագահ Սարգսեան
-
16.02.2019
Փոմփէօ Ափսոսանք Կը Յայտնէ Վարշաւիոյ Գագաթնաժողովին Լիբանանի Բացակաութեան
-
16.02.2019
Նախարարները Կը Խոստանան Ապահովութեան Մակարդակը Բարձրացնել Պէյրութի
-
16.02.2019
«Լիբանանը Գերիշխան Է Եւ Շրջանին Մէջ Կը Ներկայանայ Որպէս Անկախ Պետութիւն Եւ
-
16.02.2019
Լեւոն Նորտիկեանի Պարգեւատրումը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի Շքանշանով
-
16.02.2019
«Ինքնաշարժ Վարելու Օրէնքներ Ու Կանոններ» Զեկուցողներ՝ Մեթնի Եղբայրներ

