• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Մամլոյ Առցանց Լսարան – 4 – Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի Հայօճախը. Ինքնութեան, Կրթական եւ Մշակութային Հեռանկարներ

16.07.2020   12:39

«Զարթօնք», «Արեւ» եւ «Սարտարապատ թերթերը Չորեքշաբթի, 15 Յուլիս 2020-ին,  Կրինուիչի ժամով 17:00ին ներկայացուցին իրենց միացեալ չորրորդ մամլոյ լսարանը:

«Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի Հայօճախը. Ինքնութեան, Կրթական եւ Մշակութային Հեռանկարներ» նիւթին շուրջ շատ հետաքրքրական, օգտաշատ տեղեկութիւններով եւ հեռանկարներով լեցուն խօսք մը ներկայացուց ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմին Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան:                            

Զանազան երկիրներէ շուրջ 50 մասնակիցներով կազմուած առցանց հարթակը ինչպէս միշտ ձեռնհասութեամբ  վարեց՝ Լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր եւ նոյն համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը  

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր