Մինիափոլիս, Պոլիս, Ուրիշ Տեղեր, Պէյրութ Եւ… Հայութիւն

Ամէն օր աշխարհը այնքան շահեկան, հետաքրքրական, զարմանալի լուր կը հայթայթէ որ մարդ կը շփոթի՝ որմէկուն աւելի կարեւորութիւն տայ: (Հասկնալի է մեզի հրամցուած լուրերը, աշխարհի դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն շատ մանր տոկոսը կը կազմեն):
Մարդկութիւնը ամէն վայրկեան տեղատարափին տակ է լրատուութեան, որ անպայման եւ միայն արհեստագիտական հաղորդամիջոցները չեն: Չմոռնանք բամ-բաս-բայը, այսինքն բամբասանքը, տարաձայնութիւնները…: Յամենայնդէպս, այս պահուս, ասիկա չէ նիւթը զոր կ’ուզեմ բաժնեկցիլ, այլ Մինիափոլիսի դէպքը եւ անոր յառաջացուցած կոհակները միտքիս մէջ: Աւելի ճիշտը՝ կոհակներէն մէկը…:
Մեզմէ շատ շատերը իմացան ու գիտեն արդէն Մինիափոլիսի մէջ ճերմակամորթ ոստիկանի մը կողմէ սեւամորթ ‘յանցաւոր’ի մը խեղդամահութեան դէպքը եւ անոր յաջորդող բողոքի ցոյցերը:
“I can’t breath”ը ֆիզիքական իր իմաստի սահմանէն անցաւ հոգեբարոյական, ազատութեան բնագաւառները, կոխոտեց ընկերութեան մէջ ընդհանրապէս խեղդամահ ընող անցարգելները…:
Գիտենք արդէն, թէ այնուհետեւ – եւ միքանի օր առաջ – նման դէպք մը պատահեցաւ Աթլանթայի մէջ, բայց վստահ եմ որ ամէնօրեայ տխուր ու անընդունելի նման երեւոյթներ կը պատահին աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ, տարբեր տարողութեամբ, ձեւերով ու գունաւորումներով:
Մինիափոլիսի դէպքին պարագային՝ եղածին դէմ բողոքողներուն մէջ մեծաթիւ ճերմակամորթներու ներկայութիւնը մտածումներու տեղիք տուաւ:
Այս մասին կ’ուզեմ բաժնեկցիլ:
Այդ սպիտակամորթ ցուցարարները եթէ ցեղային կամ մորթի գոյնի նախապատուութեան արժէքով կողմնորոշուէին՝ բնականաբար պիտի պաշտպանէին սպիտակամորթ ոստիկանները: Բայց անոնց արժէհամակարգին մէջ մարդկային իրաւանց հարցերը գերակշռեցին ցեղային թէ այլ նախապատուութիւնները եւ տեղափոխուեցան մարդկային իրաւանց խմբակի շարքերուն:
Նման պարագաներու հանդիպեցայ Պոլսոյ մէջ, միքանի տարի առաջ: Հոն ալ թուրքերու խումբ մը յառաջացած էր որ ինքզինք կը հեռացնէր, կ’անջատէր ցեղասպանութիւն գործած թուրքերէն եւ կ’անցնէր ցեղասպանուածներուն, մարդկային իրաւանց խմբակի շարքերը, կը պաշտպանէր անոնց՝ ա՛յդ առնչութեան շահերը:
Բոլորս մոռցանք, կամ շատ փոշի նստաւ արդէն Հարաւային Ափրիկէի ափարթայտին աւարտման գործընթացին վրայ: Հոն՝ Նելսըն Մանտելային եւ շատ ուրիշներու տասնամեակներու պայքարին, միջազգային ընկերութեան ճնշումներուն իբրեւ արդիւնք, իշխող եւ գերիշխող ոչ-սեւերուն մէջ այնքան շատցաւ թիւը անոնց որոնք ընդդիմացան եւ հակառակեցան իշխանաւորներու ընթացքին, որ հակառակ իրենց մորթագոյնին եւ այլ նախապատուութիւններու, նախընտրեցին դիրքաւորուիլ յօգուտ մարդկային իրաւանց եւ … ափարթայտը տեղի տուաւ:
Կրնանք հետեւցնել, թէ հոն ուր մարդկային իրաւունքները դարձան գերագոյն արժէք՝ բոլոր միւս հասկացութիւնները, գաղափարները տեղի տուին: Տարբեր չէ պարագան Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ բոլորիս:
Միշտ չէ որ գերագոյն արժէքը մարդկային իրաւունքներն են:
Վերցնենք Պէյրութը իր շուրջ հնգամսեայ ցոյցերով. սկզբնական օրերուն ցուցարարներուն համար գերագոյն արժէքը կացութեան յեղաշրջումն էր, եւ մարտակոչը՝ «բոլոր բոլորը»: Սակայն շուտով այդ արժէհամակարգը խաթարուեցաւ եւ նոյն ցուցարարները սկսան ըսել «Բոլոր բոլորը, բացի՝…» եւ այդ «բացի»ն իւրաքանչիւր ցուցարարի մտքին մէջ անուն մը կամ երեւոյթ մըն էր որ… գերակշռեց ցուցարարներուն սկզբնական գերակշիռ արժէքը:
Ըսել ուզածս այն է որ երբ բան մը գերագոյն արժէք կը դարձնես՝ միւս բոլոր արժէքները, կը վերածուին ենթակայ եւ կը դառնան երկրորդական ու կը մղեն քեզ որ այդ «երկրորդական» դարձած հասկացութիւններուն հանդէպ նուազ առնչեալ ու նախանձախնդիր վերաբերում, ընթացք ու յանձնառութիւն որդեգրես:
Պէյրութի ցուցարարներու պարագային տեսանք ինչպէս արժէհամակարգերը դիրքափոխուեցան: Ուրեմն կարելի է հետեւցնել, թէ արժէհամակարգերը կեանքի տարբեր տեւողութիւններ ունին եւ կա՛ն արժէհամակարգեր որ գրեթէ (յարաբերականօրէն) յաւիտենական են: Կարելի է հետեւցնել, նաեւ թէ արժէհամակարգերու մրցակցութիւն մը կայ՝ հրապուրելու եւ գրաւելու անհատը…:
Մերօրեայ համաշխարհային կենցաղին մէջ մեզի համար արժէք դարձած են ոչ-անպայման հիմնարար, խորքային խորհուրդներ ու գաղափարներ: Միշտ չէ, որ հայրենիքի գաղափարը գերագոյն եւ բացարձակ արժէք կը նկատուի հիմա:
Մարդ կը փնտռէ այդ հայրենիքին դրսեւորած արժէքները, խորհրդանշած, ապրած եւ ապրեցնող արժէքները: Եւ այդ հայրենիքը միայն պետութիւնը չէ, այլ այդ պետութիւնը վարող իշխանութիւնը, ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը:
Հայութեան համար, որպէսզի դրական չափերով կառչած մնանք հայրենիքին, հայկական ինքնութեան, պայման է որ անոնք աստարուած ըլլան մարդկային իրաւանց արժէհամակարգով:
Ուշադիր, այդ հայրենիքը միայն Հայաստանը չէ, այլ որեւէ հաւաքականութիւն որուն մաս կը կազմենք, ընկերութիւն-համայնքէն մինչեւ ընտանիք, եւ … նոյնիսկ …անձ:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

