Ես Եւ…Մի՛այն

Ամէն ոք իր կտուցով կ՛երգէ. Մի յուսահատիր եթէ չունիս Պախի մը ուժականութիւնը. Այս՝ քաջալերական խօսք մըն է եւ նոյնքան ճշմարիտ, մանաւանդ անոնց՝ որոնք մեծ երազի հետամուտ են լեւ սակայն ափսո՜ս, կամ ի վերուստ չունին այն ինչ որ պէտք է ունենային իրենց նպատակին հասնելու համար, կամ եթէ նոյնիսկ ունին, չեն ունեցած առիթը, շրջանակը, կամ ինչպէս սովոր ենք ըսել պատկերաւոր կերպով՝ «Քեռի» մը, իրենք զիրենք դրսեւորելու. Սա կեանքի օրինաչափութիւններէն է. Երբ նայինք ծաղիկներուն միայն ու անոնց բազմապիսիութեան, արդէն հասկնալի կ՛ըլլայ որ ո՛չ բոյրով, ո՛չ տեսքով ո՛չ գոյնով իրարու նման չեն: «Ամէն ծաղիկ իր բոյրն ունի, ինչքան ծաղիկ բոյր ու շաղոտ, աշխարհն այնքան անուշահոտ» (Յ.Շիրազ):
Բնութիւնը ի հարկէ միայն դաշտ ու ծաղիկ չէ այլ՝ Տիեզերքը ամբողջ որուն մէկ երկիր մոլորակին վրայ ունինք բնակութիւն ամրան տաքով ու ձմեռնային ձիւնով.«Հովն հորովել է ասում անձրեւը ցուրտ բառեր յուզումնաւոր իմ լեզու ինչու ես լռել»(Ե.ՉԱՐԵՆՑ): Կայ շարժումը.- կեանք ու մահ որով օղակ առ օղակ, կամ քայլ առ քայլ կեանքը կը շարունակուի ու անոր երթին մարդկային բանականութիւնը կը պրպտէ, կը պրպտէ իր կարողականութեամբ, խաւարէն լոյսի բերելու ճշմարտութիւններ, որոնք թաքնուած են բնութեան արգանդին մէջ. Եւ ոչ միայն այլ ի՛ր ներսիդին եւս, որ իր կրանիթեայ ինքնութիւնն իսկ է, որը ե՛ւ իր յառաջդիմութեան եւ խաղաղութեան կամ նպատակի խթան է եւ թէ՝ բոցավառ պայքարներու, պատերազմներու հիմնաւոր պատճառը:
Դպրոցական օրերուս քերականական հոլովներու մէջ սորվեցանք ԵՍ, ԴՈՒՆ, ԱՆ …սակայն մարդկային փոխ-յարաբերութեան,ինչպէս նաեւ կեանքի՝ շեշտուածը միայն ԵՍն է: «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ» այսպէս կը սկսի Տասնաբանեայ պատուիրանը: «Եթէ յաղթահարած ես ԵՍդ, ազատագրուած ես» այս ալ հնդկական կրօնական: «Ես եմ այդ անտուն, անօթի պոէտ, Եղիշէ Չարենց»: ԵՍ, ԵՍ, ԵՍ. Անգլերէն լեզուի մէջ ամենուր եսը կը գրուի գլխագիր.ի՞նչ պատճառաւ արդեօք: «Ես եմ ալֆան եւ օմեկան» ըսաւ Յիսուս.այլ տեղ զինք ամբաստանեցին ինքզինք «Աստուծոյ Որդի» կոչելուն պատճառաւ.իսկ Յիսուս պատասխանեց ըսելով «Ձեր գիրքերը կարդացէք գրուած է Ես ըսի դուք Աստուածներ էք»(Սաղմոս թիւ 82): «Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»: Ճշմարտութիւն չէ՞ միթէ, թէ՝ ամէն ոք իր կտուցով կ՛երգէ ու կ՛ունենայ տարբերութիւններ. Ոմանց ընդունելի, ուրիշներու համար մերժելի: Տիրապետողն է անզիջող ինքնութիւնը. Սկիզբը ամէն բարդութիւններու:
Այս տարի Հայաստանի Խորհրդայնացման Օրը կը զուգադիպի Մ. Նահանգներու «Շնորհակալութիւն յայտնելու Օրուան»: Անցած են այդ օրերը, սակայն պատմական փաստը կը մնայ փաստ անհերքելի հուսկ՝ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵԼԻ:
ՈՄԱՆՑ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ, ՈՄԱՆՑ ՄԵՐԺԵԼԻ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Leave a Reply
Լրահոս
-
12.12.2019
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Բենիկ Մկրտչի Սեյրանեան
-
12.12.2019
Օր 56. Ցուցարարներ Լիբանանի Մէջ Ֆրանսական Դեսպանատան Դիմաց
-
12.12.2019
Պատիւ Արժանաւորին. Արաբերէն Լեզուի Տիրապետման Մրցանակ
-
12.12.2019
Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութեանց Նախագահները Հեռաձայնային
-
12.12.2019
ԿՈՉ
-
12.12.2019
Ռմէյլի Ս․ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իշխանութեան
-
12.12.2019
Տեսակէտ. Պիտի Շնորհակալութիւն Յայտնել Դեմոկրատներին, Նախագահ Թրամփի
-
12.12.2019
Ամերիկեան Բարքեր
-
11.12.2019
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ռոպըրթ Գոխ
-
11.12.2019
Հարիրի Կը Պնդէ Արհեստավարժերով Կազմուած Կառավարութեան Վրայ

