Ամենայն Հայոց Հայրիկ՝ Մկրտիչ Խրիմեան

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Որքա՜ն ողջախոհ, որքա՜ն իրաւատես եւ սրտցաւ անհատականութեան տէր էր հանդէպ իր ազգին, արդարօրէն կոչուելով հայ ժողովուրդի «Հայրիկ», Ամենայն Հայոց Կաթողոկոս Մկրտիչ Խրիմեան: Ծնած՝ Վան 1820 թուականին, վախճանած Երուսաղէմ 1907 թուականին. Կաթողիկոսութեան ժամանակաշրջան, 1892-1907:
Խրիմեան կաթողիկոս, իր նշանաւոր խօսքով՝ «Երկաթէ շերեփ»-ով, մնաց անմահ հայ ազգի զարթօնքի ճակատագրական պահերուն, հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական շարժումին առաջին ռահվիրան հանդիսանալով: Որպէս դաստիարակ, հրապարակագիր, քաղաքական, կղերական եւ ազգային գործիչ, ան խթանեց հայ ժողովուրդին ազգային ոգին, պայքարեցաւ Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց դէմ, հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարած անոնց անմարդկային անարդարութիւններուն համար: Ան պայքարեցաւ նոյնիսկ հայ կղերական դասի սադրանքներուն եւ մեծահարուստներու կեղեքումներուն դէմ, փրկելու համար հայ գաւառացին ու ռամիկ ժողովուրդը: Պայքարեցաւ Եւրոպայի մեծահամբաւ բայց փոքրոգի «մեծ» տէրութիւններու անտարբեր եւ շահամոլ վերաբերմունքներուն դէմ: Ու Ան աչքերը փակեց չկարենալով իրագործել այն ինչ որուն համար պայքարած էր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Արդարեւ, այնքա՜ն հարազատ եւ ժամանակակից էին Խրիմեան Հայրիկին խօսքերը, յորդորներն ու հոգատար ազգային գործունէութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր կը ղօղաջեն հայ ազգի ներկային եւ ապագային համար որպէս զգաստացման հրաւէրի զանգակներ:
Այն երեխաները, որոնք բեմ ելած էին ազգային Ֆերահեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, մասնակից դառնալու համար Տոքթ. Հրանդ Մարգարեանի կատարողութեամբ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Մկրտիչ Խրիմեան «Հայրիկ»-ի կեանքի ներկայացման թատերական մենակատարութեան առիթով… հաւանաբար անոնք պիտի հասկնան ու կիրարկեն այդ յորդորներն ու հասկնան անոր խօսքերուն իմաստը, որոնք արտասանուած էին աւելի քան 100 տարի առաջ:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Էնսինոյի (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), ազգային Ֆերահեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, Ուրբաթ, 29 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին տեղի ունեցաւ սոյն թատերական անզուգական մենակատարութիւնը, ներկայացուած՝ Իրաքահայ գիտնական, փրոֆեսոր, թատերագիր, թարգմանիչ, բանաստեղծ, դերասան, խմբագիր, բազմատաղանդ եւ բազմաթիւ շնորհքներու, կոչումներու եւ մետալներու արժանացած Տոքթ. Հրանդ Մարգարեանի Մկրտիչ Խրիմեանի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած թատերական մենակատարութիւնը:
Խորհրդաւոր էր պահը, խիստ տպաւորիչ եւ հարազատ, երբ Տոքթ. Մարգարեան մուտք գործեց բեմ, ապրելո՛ւ եւ հանդիսատեսը իրեն հետ ապրեցնելո՛ւ համար Խրիմեան Հայրիկի կեանքի ու գործունէութիւններու տանջալից ու քարքարոտ շառաւիղը, քայլ առ քայլ, անոր ծննդեան օրէն սկսեալ մինչեւ վախճան:
Տոքթ. Մարգարեանի թատերական ներկայացումը, իր հմուտ ու հարազատ աւելի քան մէկուկէս ժամուան ներկայացումով, անտարակոյս յուզումնալից պահեր ստեղծեց, որոնք կ՚ուրուագծուէին տողանցելու համար հանդիսատեսներու միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, պահ մը վերյիշելու եւ վերապրելու իրենց նախնիներուն՝ հայ ժողովուրդին կրած ջարդին, կոտորածին ու աքսորին տքացող ցաւն ու յիշատակը:
Մենակատարութեան աւարտին, վարժարանին աշակերտները մասնակից դարձան Տոքթ. Մարգարեանի վերջին արարին, փոխանցելու համար Խրիմեան Հայրիկի պատգամը հայ ժողովուրդին:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:
Կը շնորհաւորենք Տոքթ. Հրանդ Մարգարեանի սոյն անզուգական եւ կատարեալ պատրաստութեամբ ներկայացուած մենակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպիչները, մաղթելով յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Leave a Reply
Լրահոս
-
06.12.2019
Օր 50. Բողոքարարներ Ճամբաներ եւ Դպրոցներ Փակեցին
-
06.12.2019
«Զարթօնք»եան Հանդիպումներ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ Դրամատնային
-
06.12.2019
ՌԱԿի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանին
-
05.12.2019
Վարչապետի Նշանակումի Համար Երեսփոխանական Խորհրդակցութիւնները Երկո՞ւշաբթի
-
05.12.2019
Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանը Իւրօրինակ Կամուրջ Է Հայաստանի Եւ
-
05.12.2019
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ. ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԵՆՔ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
-
04.12.2019
Մինչ Տնտեսական Տագնապը Կը Սրի Կառավարութեան Կազմութեան Համար Որոշ
-
04.12.2019
Սուրիոյ Մէջ Հայ Մասնագէտներու Խումբի Երրորդ Հերթափոխի Ականազերծողները 2417
-
04.12.2019
Հայաստանի Հետ Սահմանները Բանալու Պայմանները Չեն Գոյացած. Չաւուշօղլու
-
04.12.2019
«Հարցի Լուծումը Առանց Արցախի Մասնակցութեան Անհնար Է». Մնացականեան

