Տխուր Էջերը Փակելու Հրամայականը

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ
Վերջերս դարձեալ աշխուժացած են Ա. Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու հարիւրամեակի առնչութեամբ մերթ ընդ մերթ ապակողմնորոշող բանակռիւները համացանցի եւ կուսակցական շրջանակներու մէջ՝ ստեղծելով անմիտ եւ վնասակար մթնոլորտ մը։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն՝ այս հարցը հին եւ մաշած գզրոցներէն նորովի ներկայացնողները։ Պատճառները բազմաթիւ են, որոնց իւրաքանչիւրին անդրադառնալը երկար եւ համբերութիւն չարաշահող աշխատանք է , այնուամենայնիւ ստիպուած եմ մատնանշելու մի քանի մտորումներ յանուն պատմական ճշմարտութեան՝ գալիք սերունդներու առողջ , ճիշդ եւ անկաշկանդ դաստիարակման նպատակով։
Եւ այսպէս, յայտնի նախկին կուսակցական ղեկավար մը անխոնջ վրէժխնդրութեամբ հին եւ ցաւոտ էջեր վերանորոգելու փութկոտութեամբ, սկսած է անհեթեթ միտք մը հրապարակ նետել եւ ապարդիւն ճիգով մը կը փորձէ Մայիս 28-ն եւ Մայիսեան հերոսամարտերը իրարմէ տարանջատել։ Իրականութեան մէջ առաջինը երկրորդին տրամաբանական շարունակութիւնն ու ռազմավարական վերջնական յաղթանակն էր։ Նախկին այս ղեկավարին այսպիսի սին եւ անհիմն փորձերը ինչքան ծիծաղելի են, նոյնքան եւ ապակողմնորոշող եւ ապազգային։ Ապա նաեւ ուրիշ անհեթեթութիւն մը հրապարակ կը նետէ՝ յամառօրէն պնդելով, որ «Մայիս 28-ն մեզ պարտադրուած էր Թուրքիոյ կողմէ»: Ինչո՞ւ ապազգային եւ բովանդակութենէ զուրկ են այս միտքերը։
Նախ՝ իբրեւ ազգային կուսակցութեան մը նախկին ղեկավարը, ինք քաջատեղեակ եւ լիարժէք կերպով տիրապետած պէտք էր ըլլար հայոց Ազգային Գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներուն գոնէ հիմնական նպատակին ՝ Հայոց անկախ պետականութեան իրականացման մասին։Երկրորդ, եթէ Մայիս 28-ն չհռչակուէր, ապա ո՞րն էր բազմահարիւր ազատամարտիկներու եւ ժողովուրդի թափած արեան գինը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ, եթէ ոչ հայ ժողովուրդի ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու դարերէն եկող երազը։Վերոնշեալ ղեկավարին միտքերը կը նսեմացնեն եւ կ՝արժեքազրկեն հայ ժողովուրդի անպարտելի կորովի եւ մարտունակութեան ոգիի դրսեւորումով իրականութիւն դարձած անկախ հայրենիքը, եւ հետեւաբար հաստատօրէն կարելի է արձանագրել, որ մենք վաստակած ենք Մայիս 28-ն մեր արեան գինով եւ այն մեզ «պարտադրուած» պէտք չէ համարել։։ Նաեւ ցաւալին այն է, որ այսպիսի նախկին ղեկավարներ գիտակցաբար կ՝անտեսեն իրենց պատկանած կուսակցութեան (ՌԱԿ-ի) հիմնադրման կարեւորագոյն հիմնասիւներէն ՝ Հայ Ժողովրդական կուսակցութեան Ա. Հանրապետութեան, Ա. կառավարութեան եւ խորհրդարանի մէջ կարեւոր դերին մասին։
Որպէս վերջաբան՝ պէտք է աւելցնեմ, որ նախկին ղեկավարներու հին վէրքեր (անոնցմով սնուելու եւ իրենց իմաստազուրկ գոյութիւնը պահպանելու) վերանորոգելու, սին եւ կործանարար մտամարզանքներու դարաշրջանը աւարտած պէտք է նկատել։
Նոր դարաշրջան է։ Հայրենիքի առջեւ ծառացած են ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ։ Այսօր աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական բարդ իրավիճակներ են Հայաստանի շուրջը։ Աչալուրջ ըլլանք եւ չմոլորուինք՝ հին, տխուր, անպտուղ բանավէճեր վերանորոգելով։
Աջակցինք մեր հայրենիքի քաղաքական, տնտեսական, ժողովրդագրական եւ ռազմական հզօրացման գործին։ Այս է այսօրուան հրամայականը։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

